ԱՄԷՆ ՎԵՐՋ ՍԿԻ՛ԶԲ ՄԸՆ Է

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի աղօթքին մէջ, որ կը կարդացուի պատարագիչ քահանայ հօր կողմէ Սուրբ Պատարագի ընթացքին, սապէս կ՚ըսուի. «յայնմ ժամանակի, որ է օր վերջին՝ այսմ կենցաղի, եւ օր առաջին՝ երկրին կենդանեաց»։

Այս խօսքէն, ահաւասիկ, կը հասկցուի, թէ՝ ամէն վերջ «նոր»ի մը սկի՛զբն է, առաջին քայլը՝ նորութեան մը։ Եւ ասիկա անայլելի իրողութիւն մըն է նաե՛ւ մարդկային կեանքին համար, ինչպէս կ՚ըսէ աղօթքը՝ երբ վերջանայ այս աշխարհի վրայ ապրուած կեանքը՝ այդ պահուն արդէն կը սկսի երկնային յաւիտենական կեա՛նքը։

Մարդուս ամբողջ էութիւնը՝ շունչ, հոգի եւ մարմին է, բայց այս զանազանումը հոգիին մէջ երկուութիւն չի՛ ներմուծեր։ Արդարեւ «շունչ» բառը կը նշանակէ, թէ մարդը իր ստեղծումէն սկսեալ սահմանուած է իր գերբնական վախճանին, եւ թէ անոր հոգին ընդունակ է ձրիաբար բարձրանալու Աստուծոյ հետ հաղորդութեան։

Ուստի, մարդ էակը՝ մարմինով եւ հոգիով մէկ ամբողջ մըն է, մէ՛կ է, եւ աննիւթական եւ անմահ հոգին անմիջականօրէն ստեղծը-ւած է Աստուծմէ։

Այն մեծ յոյսը, զոր ունի մարդ «Նոր երկինք»ի մը եւ «Նոր երկիր»ի մը՝ ուր արդարութիւնը եւ խաղաղութիւնը պիտի բնակի, չունի աւելի ապահով գրաւական մը, աւելի բացայայտ նշան մը քան Սուրբ Պատարագի խորհուրդը։ Արդարեւ, ամէն անգամ որ այս սուրբ խորհուրդը կը հանդիսակատարուի, կը կատարուի նաեւ մարդուս փրկչագործութիւնը եւ բոլորը միասին կը բեկանեն միեւնոյն «Հաց»ը, որ դարմա՜ն է անմահութեան, դեղթափ մահուան եւ կեա՛նք Յիսուս Քրիստոսով՝ յաւիտեան։ Քրիստոս այս աշխարհի ժամանակաւոր կեանքէն դէպի Հայրը մեկնելով, Սուրբ Պատարագի խորհուրդը մարդոց կը թողու իբր գրաւական փառքին՝ Իր մօտ։ Սուրբ Զոհին մասնակցութիւնը մարդս կը նոյնացնէ Իր Սրտին հետ, թիկունք կը կանգնի մարդուս ուժերուն՝ այս կեանքի «ուխտագնակցութեան» ընթացքին, յաւիտենական Կեանքը իրեն բաղձալի կը դարձնէ եւ այժմէն իսկ զինք կը միացնէ «Երկինքի Եկեղեցի»ին։

Սուրբ Օգոստինոս կ՚ըսէ. «Հաղորդութիւնը մեր առօրեայ հա՛ցն է։ Այս աստուածային սնունդին յատուկ զօրութիւնը՝ միացնող ո՛ւժ մըն է. ան կը միացնէ մեզ Փրկչին Մարմինին եւ կ՚ընէ մեզ Անոր անդամները, որպէսզի ըլլանք այն ի՛նչը՝ որ կը ճաշակենք։ Այս ամէնօրեայ հացը կա՛յ նաեւ այն ընթերցումներուն   մէջ, զորս կ՚ունկնդրենք ամէն օր եկեղեցւոյ մէջ, այն շարականները որ կ՚երգուի, անոնց մէջ, եւ դուք ալ կ՚երգէք։ Այս ամէնը անհրաժե՛շտ է մեր ուխտագնացութեան համար…»։

Իսկ Սուրբ Պետրոս Ոսկեխօս սապէս կ՚ըսէ. «Քրիստոս հա՛ցն է, որ սերմանուած Սուրբ Կոյսին մէջ, խմորուած մարմնին մէջ, շաղուած չարչարանքներուն մէջ, եփուած դամբանին հնոցին մէջ, պահեստի դրուած եկեղեցւոյ մէջ, փոխադրուած խորաններուն վրայ, ամէն օր երկնային սնունդ կը հայթայթէ հաւատացեալներուն»։ Արդարեւ, Յիսուսի խօսքը արդէն բաւական է գիտնալու, թէ «Հաց»ը յաւիտենական կեանքի, անմահութեան միակ միջոցն է, երբ կ՚ըսէ. «Ե՛ս եմ յարութիւնը եւ կեանքը. Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէպէտեւ մեռնի՝ պիտի ապրի» (ՅՈՎՀ. ԺԱ 25)։ Եւ դարձեալ Ան կ՚ըսէ. «Ես եմ կեանքի հացը։ Ան որ ինծի կը կու գայ՝ բնա՛ւ պիտի չանօթենայ եւ ան որ ինծի կը հաւատայ՝ երբեք պիտի չծարաւնայ» (ՅՈՎՀ. Զ 35)։

Ուրեմն, բոլոր այս ճշմարիտ խօսքերը ցոյց կու տան, թէ այս աշխարհի կեանքին «վերջ»ը յաւիտենական կեանքին «սկիզբ»ն է։ Եւ այս իմաստով մահը՝ անցք մը դէպի ժամանակաւոր միջոցէն՝ անժամանակ միջո՛ց։ Չէ՞ որ Վիքթոր Հիւկօ կ՚ըսէ, թէ՝ անմահութիւնը ամենէն աւելի՛ գերեզմանատան մէջ կը զգայ…։ Հո՛ն է որ մահէն վերջ ո՛չ թէ «մահ» այլ՝ անմահութի՛ւն կայ, եւ դարձեալ հոն է որ ժամանակաւորը կը վերածուի անժամանակի, այսինքն՝ յաւիտենականութեա՛ն։

Մահը աւարտն է միա՛յն երկրաւոր կեանւած է ժամանակի չափով, որուն ընթացքին մարդ փոփոխութիւն կը կրէ՝ կը հասուննայ, կը ծերանայ եւ ինչպէս երկրի բոլոր միւս կենդանի էակներուն մօտ՝ մա՛հը կը ներկայանայ իբրեւ «բնական վերջաւորութի՛ւն»։ Շրջան մըն է որ կը բոլորուի՝ բնական պայմաններու տակ։

Անշուշտ, մահուան այս բնոյթը շտապ եւ անձկութիւն կը ստեղծէ մարդուս կեանքին մէջ։ Սակայն մարդուս «մահկանացու» ըլլալու յիշատակը կը ծառայէ նաեւ յիշեցնելու իրեն, թէ միայն սահմանափակ եւ որոշ ժամանակ մը ունի վայելելու իր կեանքը, եւ իրագործելու՝ կեանքի իրեն տուած պարտականութիւնները եւ կոչումը։ Սակայն «մահ»ը կերպարանափոխուած է Քրիստոսո՛վ։ Յիսուս, Աստուծոյ Որդին, Ի՛նքն ալ կրեց մարդկային վիճակը բնորոշող մահը։ Ան ալ, իբրեւ «կատարեալ մարդ» ծնաւ, ապրեցաւ եւ ճաշակեց մա՛հը։ Բայց, հակառակ Իր մահ-ւան հանդէպ զգացած սոսկումին, ինչպէս կը վկայէ Աւետարանը. (ՄԱՐԿ. ԺԴ 33-34), (ԵԲՐ. Ե 7-8), զայն յանձն առաւ, Իր Հօր կամքին ամբողջական եւ ազատ հնազանդութեամբ։ Եւ Յիսուսի «հնազանդութիւն»ը՝ մահուան անէծքը փոխակերպեց «օրհնութեա՛ն». (ՀՌՈՄ. Ե 19-21)։ Արդարեւ, մահը, այսինքն զոհաբերութիւնը փառքի եւ բազմացման միակ միջոցը եղաւ։ Արդարեւ, ցորենի հատիկի օրինակը ցոյց կու տայ մահուան անհրաժեշտութիւնը փառաւորուելու եւ բազմանալու համար. «Եթէ ցորենի հատիկը հողին մէջ չիյնայ եւ չմեռնի, ինք որպէս առանձին հատիկ կը մնայ, իսկ եթէ մեռնի՝ բազմաթիւ հատիկներ կու տայ» (ՅՈՎՀ. ԺԲ 24)։

Արդարեւ շնորհիւ Քրիստոսի, «Քրիստոնեայ մահ»ը դրական իմաստ ունի։ Ուստի Պօղոս Առաքեալ կ՚ըսէ. «Ինծի համար կեանքը Քրիստո՛ս է մեռնիլը՝ շա՛հ» (ՓԻԼ. Ա 21)։ Եւ դարձեալ. «Ճշմարիտ է այս խօսքը եթէ մեռանք Անոր հետ, Անոր հետ ալ պիտի ապրինք» (Բ. ՏԻՄ. Բ 11)։ Ա՛յս է Քրիստոնեայ մահուան էական նորութիւնը։ Մկրտութեամբ, քրիստոնեան արդէն խորհրդենականօրէն մեռա՛ծ է Քրիստոսի հետ ապրելու համար «նոր կեանք»ով։ Եւ այս իմաստով մահը նուիրագործում մը, զոհաբերում մըն է։ Եթէ Քրիստոսի շնորհքին մէջ մեռնի մարդ, ֆիզիքական այս մահը՝ Քրիստոսի հետ այս մեռնիլը իր լրումին կը հասցնէ եւ այսպէս կը լրացնէ իր «միաւորում»ը Անոր մարմինին հետ, Իր փրկչական արարքով։ Արդէն մարդ արարածը, իր արարչութեան պահէն իսկ կոչուած է անմահութեան՝ որուն խոստացուած է յաւիտենական կեա՛նք։ Մարմնական-երկրային կեանքը՝ որ ժամանակաւոր է, ի վերջոյ պիտի հասնի անմահութեա՜ն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 19, 2017, Իսթանպուլ

Յ.Գ. 28 Օգոստոս 2017 թուակիր թերթիս մէջ հրատարակուած «Կանանց Իրաւունքներ» գրութեան վերջին հատուածին մէջ, Prouthon-ի խօսքը հասկնալ սապէս.- Կը պնդէ թէ կին-մարդու արժէքը այր-մարդուն արժէքին 8/27 համեմատութեանը չափ է…։

Կը սրբագրենք եւ ներողութիւն կը յայտնենք մեր ազնիւ ընթերցող բարեկամներուն։

Մաշտոց Քահանայ

Օգոստոս 28, 2017

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 30, 2017