ԴՐԱԽՏԻ ՀԱՐՍԱՆԻՔԸ

Խրիմեան Հայրիկ «Դրախտի ընտանիք» աշխատութիւնը կը սկսի խօսելով պսակադրութեան Սուրբ Խորհուրդին մասին. հակառակ իր փիլիսոփայական խառնուածքին, Խրիմեան Հայրիկ պսակի խորհուրդը կը բացատրէ շատ պարզ ու հասկնալի լեզուով մը՝ մանուկներու համար գրուած հեքիաթի մը նմանութեամբ՝ առանց մտնելու Աստուածաբանական եւ փիլիսոփայական բացատրութիւններու մէջ: Պէտք է նկատի ունենալ, որ Խրիմեանի նպատակը գրականութիւն մը ստեղծել չէր. ո՛չ ալ որպէս «գրող» ճանչցուիլն էր. անոր նպատակը անուս ու ոչ զարգացած խաւին հասնիլն էր եւ հետեւաբար ամենէն ճիշդ ձեւը պարզ ու հասկնալի, յաճախ պատկերաւոր ձեւով խօսելուն մէջ էր. խօսիլ կ՚ըսենք, որովհետեւ Խրիմեան Հայրիկի ոճը պարզ խօսակցական ոճ մըն է՝ երկխօսութիւն մը իր եւ ընթերցողին միջեւ:

Առաջին մասին մէջ Խրիմեան Հայրիկ կը փորձէ բացատրել Սուրբ Պսակի խորհուրդին հոգեւոր գետնի վրայ ունեցած կարեւորութիւնը. ան իր բացատրութիւններով ու պատկերաւոր ոճով կը փորձէ բացատրել, թէ առաջին ընտանիքը Աստուած ի՛նք հիմնեց եւ հետեւաբար ընտանիք հասկացողութիւնը մարդկային ըլլալէ աւելի՝ Աստուածային է. նոյնիսկ աւելի հասկնալի ըլլալու համար կը պատկերացնէ երկնաւոր հարսանիք մը՝ կոչելով «Դրախտի ընտանիք»ը, ուր «պսակադիր Քահանայն Աստուած էր, Եկեղեցին դրախտն էր, Խաչն ու Աւետարան Կենաց Ծառն էր. շարական երգող տիրացուն Սոխակն էր, վկայող ժողովուրդը բոլոր կենդանեաց սեռն էր. Հարսնարանին խնճոյք կազմող մատակարարն ու մատռուակ՝ հրեշտակաց դասն էր. սուրբ եւ մաքուր գինին՝ Դրախտի չորս գետերն էին»: Հայրիկ այս պատկերացումը կու տայ, որպէսզի անգրագէտ մարդը հասկնայ, թէ Սուրբ Պսակի խորհուրդի ժամանակ կատարուած արարողութիւնը Աստուածային հիմք ունի եւ այդ խորհուրդը հի՛ն է այնքան՝ ինչքան մարդկութիւնը:

Պսակադրութեան բացատրութիւնը տալէ ետք Խրիմեան Հայրիկ կը գրէ. «Ահա այսպէս կազմեց Տէր Աստուած առաջին ընտանիքը». այս տողերով կ՚ուզէ գեղջուկ ժողովուրդին հասկցնել, որ ընտանիքը կազմողը ո՛չ թէ մարդը, այլ Աստուած ինք է եւ հետեւաբար անոր խորհուրդը պէտք է վեհ ըլլայ եւ հետեւաբար այս Աստուածային օրհնութեան գիտակցութիւնը ունեցող ամէն մարդու Հայրիկը կ՚ըսէ. «զայն Արարչին հզօր ձեռք կապեց, թող ստեղծուած մարդը իւր տկար ձեռքով չհպի յանդգնութեամբ քակել զայն»:

Ամուսնացեալ զոյգերու միջեւ երկպառակութիւն ձգողները Խրիմեան Հայրիկ կը նմանեցնէ դրախտի օձին՝ «որ կը նախանձէր երկու սիրելեաց երջանկութեան վերայ»: Խրիմեան կը բացատրէ, թէ ինչո՞ւ համար օձը առաջին անգամ փորձեց խաբել կինը. պատճառը տղամարդու կապուածութեան մէջ կը տեսնէ Հայրիկ, որովհետեւ օձը «քաջ մտաբերեց թէ երբ զկին խաբեմ հանեմ դրախտէն, անշուշտ Ադամ անոր ետեւէն կ՚երթայ», որովհետեւ Տէրը պատուիրած էր Ադամի չբաժնուիլ իր կենակիցէն: Այդ իսկ պատճառով «Դրախտի ընտանիք»ը օրինակ առնելով Խրիմեան մեզ՝ «նոր դրախտի որդիներ» կոչելով կը զգուշացնէ զգուշանալ չարանախանձ օձի հրապուրիչ թոյնէն, որովհետեւ հին դրախտը քանդել փորձող օձը պիտի փորձէ քանդել նաեւ նոր դրախտը՝ մեր ընտանեկան անդորրը: Մեր ընտանեկան կեանքը քանդել փորձող օձերը մի՛շտ կը դառնան մեր շուրջ. նման օձերու մասին խօսելով՝ Խրիմեան կ՚ըսէ. «նա աշխարհիս չար մշակն է, որոմնացան թշնամին, նա ատելութիւն կը սերմանէ, նա միութիւն կ՚երկպառակէ, ու վեր ի վար կը խռովէ ընտանեկան կեանքը:

«Դրախտի ընտանիք» աշխատութեան առաջին մասը այսպէս կ՚աւարտի. Խրիմեան Հայրիկ կ՚ուզէ յստակ համեմատութիւն մը կատարել «Դրախտի ընտանիք»ին՝ Ադամի եւ Եւայի եւ մերօրեայ ընտանիքներուն միջեւ, մարդկային օրինակներով ցոյց տալով, թէ այն դժուարութիւնները որոնք մենք ունինք այսօր՝ ունէր նաեւ նախամարդը. այնպէս ինչպէս այսօր ունինք ընտանեկան խաղաղութիւնը քանդել փորձողներ, նոյնպէս անոնք եւս ունէին սակայն ի տարբերութիւն մեզ, Ադամ եւ Եւա Աստուծոյ պատիժը ստանալով հանդերձ չբաժնուեցան եւ մի՛շտ հաւատարիմ մնացին իրենց ուխտին. Ադամ յանձն առաւ իր կողակիցին հետ դուրս մնալ դրախտէն՝ սակայն իր կողակիցը առանձին չձգել. Խրիմեան Հայրիկ կ՚ուզէ իր զաւակներուն փոխանցել այն յորդորը, որ դժուարութիւններ, օձեր մի՛շտ ալ պիտի ըլլան, սակայն պէտք է գիտնալ ինչպէս դիմադրել ու պայքարիլ այդ չար հոսանքին դէմ:

Հայրիկ Ադամը եւ Եւան կը կոչէ «անփորձ ամուսիններ» եւ օձին կողմէ անոնց խաբուիլը այդ անփորձութեան հետեւանքն էր պարզապէս. այսօր մեր մէջ շա՜տ են անփորձ զոյգերը, որոնք օձին փոքր թոյնին դիմաց կը տկարանան եւ անձնատուր կ՚ըլլան այդ փորձութեան՝ պայքարելու փոխարէն իրենց պարտութիւնը ընդունելով: Այնպէս ինչպէս մեր կեանքին մէջ, դրախտի մէջ եւս առաջին յաղթանակողը եղաւ օձը, սակայն զոյգերը իրենց միութեամբ յաջողեցան ժամանակ մը ետք իրենց յաղթանակը յայտարարել: Մերօրեայ կեանքին մէջ եւս պէս պէս փորձութիւններ մեր շուրջն են եւ կը փորձեն ամէ՛ն ձեւով պառակտել նորապսակ զոյգերը:

Այս խորհրդածութիւնը կ՚ուզենք վերջացնել դարձեալ Հայրիկի բառերով. «Յիսուս բռնեց եւ կապեց յաւիտենական շղթայով այդ մահաշունչ վիշապը, եւ խրախոյս կարդաց Եկեղեցւոյն ընտանեաց, որ զօրանան, քաջալերուին, կոխեն ու ջախջախեն նորա գլուխը, որ դրախտի օրէն սկսեալ դարանակալ օձը թշնամի դարձաւ մարդուն, ու միշտ կը սպասէ հարկանել նորա գարշապարը եւ թունաւորել մարդոյն կեանքը»:

Երնէ՜կ թէ իւրաքանչիւր զոյգ յաջողէր ջախջախել այդ օձի գլուխը:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Աստուած օձին ըսաւ պիտի սողաս. նախապէս ի՞նչ տեսք ունէր օձը:

Պատասխան. Մինչեւ Աստուծոյ հրամանը, օձը կը նկարագրուէր որպէս ոտքերով արարած, որ հաւանաբար տարբեր ձեւ ու տեսք ունէր՝ քան այսօր մեզի յայտնի սողուն օձը: Կրնայ ըլլալ ան նման ըլլար մողէսի կամ մէկ այլ չորքոտանի կենդանիի մը: Օձը ստանալով Աստուածային հրահանգը փոխակերպուեցաւ՝ կորսնցնելով իր ձեռքերն ու ոտքերը, ստանալով մեր ճանչցած օձի պատկերը: Այս փոփոխութիւնը մարմնական փոփոխութեան կողքին խորհրդանշեց օձի էութեան եւ մարդկութեան հետ յարաբերութիւնները:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Ապրիլ 6, 2024