ԿԱՄՔ ՈՒ ԿՈՐՈՎ

«Կամք»ը հոգեկան եւ իմացական զօրութիւն մըն է որոշ ուղղութեամբ մը գործելու, որ կ՚ենթադրէ գործադրութիւն, գործադրութիւն հոգեկան եւ իմացական կարողութեան, ուզուած, փափաքուած բան մը իրականացնելու կորով, եռանդ։ Տրամադրութեան կամ դիտաւորութեան հարց մըն է կամքը։ Այս իմաստով «կամք»ը մարդկային վիճակ մըն է. ցանկութիւն, բաղձանք, կամեցողութիւն, յօժարութիւն, ներքին համաձայնութիւն, ուզելը արտայայտող եւ իրականացնող։

Իսկ «կորով»ը՝ մտաւոր եւ ֆիզիքական կարողութիւն՝ ուժ եւ եռանդ կը նշանակէ, նաեւ՝ քաջութիւն, խիզախութիւն։ Փոխաբերական իմաստով՝ հոգեկան եւ մտաւոր բարձր յատկութիւն մը՝ ձիրք, տաղանդ, ընդունակութիւն եւ շնորհք կը նշանակէ կորովը։ Եւ այս ուղղութեամբ «կամք»ի եւ «կորով»ի միջեւ ներքին կապ մը կը գտնուի։ Կամքը եւ կորովը զիրար կ՚ամբողջացնեն։

Բայց «կամք»ը եւ «կորով»ը շարժման անցնող զօրութիւնը կամ ուժը «աշխատանք»ն է. առանց աշխատանքի ո՛չ կամք եւ ոչ ալ կորովը կը յայտնուին՝ կը մնան ծածուկ, միայն գաղափար մը, մտքի մէջ միայն գոյութիւն ունեցող՝ վերացական արժէ՛ք մը…։

Կամքը՝ որպէս զօրութիւն, առաքինութիւն մըն է։ Մարդկային առաքինութիւնները հաստատ տրամադրութիւններ են իմացականութեան եւ կամեցողութեան։ Անոնք կը կանոնաւորեն մարդուս արարքները, կը դասաւորեն անոր կիրքերը, ցանկութիւնները, փափաքները եւ կ՚առաջնորդեն իր ընթացքը ըստ բանականութեան եւ հաւատքին՝ համոզումներուն։ Ուստի կամքը եթէ գործածուի խոհեմութեամբ, արդարութեամբ, հանդուրժողութեամբ եւ ժուժկալութեամբ, մարդս կ՚ազնուացնէ, կը կատարելագործէ։

Մարդ իր արարչութենէն իսկ կոչուած է իր կամքը «բարի»ին իրականացման համար գործածելու. այս պատճառով անոր տրուած է կամքը ազատ կերպով գործածելու, ընտրելու էական իրաւունք, բայց ան երբ իր ընտրութիւնը ընէ «չար»ին ի նպաստ, պատասխանատու է իր ընտրութենէն, իր արարքէն։

«Կամք»ին գործածութիւնը բնական է որ գործածուի «բարի»ին ի նպաստ, քանի որ մարդուս Արարիչը՝ Աստուած բնութեամբ Բարի՛ է եւ կարելի չէ որ «չար» որեւէ բան ստեղծէ։ Ուրեմն կամքը միշտ բարի է, բարի ըլլալու է՝ չարը բացառութի՛ւն է։

«Կամք»ը գործադրելի դառնալու համար «կորով»ի կը կարօտի, իսկ երկուքը շարժման անցընող ուժը՝ աշխատա՛նքն է։ Եւ ուրեմն կամք-աշխատանք-կորով համընթաց են եւ անբաժա՛ն։ «Կամք, աշխատանք եւ կորով»՝ հին ժամանակներէ ի վեր ընդունուած բանաձեւ մըն է յաջողութեան հասնելու համար։ Կամք, աշխատանք եւ կորով, այս երեք անբաժան արժէքը թափ մըն է մարդուս համար՝ թերութիւնները լրացնելու եւ տկարութիւնները զօրացնելու՝ սխալները սրբագրելու համար։ Կամք, աշխատանք եւ կորով, ահաւասիկ այն մոգական երեք արժէքները՝ որ անհրաժեշտ է մարդկային կեանքին բարւոքմանը համար։ «Բարոյապէս բարի» արարքը կ՚ենթադրէ միանգամայն լաւութիւնը առարկային նպատակին եւ պարագաներուն։ Արդարեւ, գէշ նպատակ մը կ՚ապականէ արարքը նոյնիսկ եթէ անոր առարկան ինքնին բարի է, զոր օրինակ՝ աղօթելը եւ ծոմապահութիւնը՝ տես-նըւելու համար երբ կը կատարուի։

Եւ ուրեմն սխա՛լ է մարդկային արարքներուն բարոյականութիւնը դատել՝ նկատի առնելով միա՛յն զիրենք ներշնչող դիտաւորութիւնը կամ պարագաները։ Արդարեւ, արտօնուած չէ՛ չարիք մը ընել անկէ բարիք յառաջ բերելու համար, ինչպէս նաեւ՝ բարի նպատակի մը հասնելու համար չար միջոցներ գործածել։ Այս ալ կը նշանակէ, որ կամքը պէտք է գործածել միշտ բարի նպատակի համար, աշխատիլ՝ բարիք գործելու համար, կորովը չշահագործել չար նպատակներ ձեռք ձգելու համար։

Կիրքերը, իրենց մէջ ո՛չ բարի են, ո՛չ ալ չար։

Կիրքերը բարոյական որակաւորում կը ստանան այն չափով, որ անոնք իրապէ՛ս առընչուած են իմացականութեան եւ կամքին հետ։ Կիրքերը կոչուած են կամաւոր՝ «ըլլա՛յ որովհետեւ հրամայուած են կամքէն, ըլլա՛յ որովհետեւ կամքը արգելք չի դներ անոնց», ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի։ «Բարոյական կամ մարդկային բարիին կատարելութեան հասնելու համար, հա՛րկ է որ կիրքերը կանոնաւորուին բանականութեամբ», կ՚աւելցնէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի։

Արդարեւ, մեծ զգացումներ չեն որ կ՚որոշեն անձին բարոյականութիւնը եւ սրբութիւնը. անոնք անսպառ պահեստն են պատկերներու եւ զգայնութիւններու, որոնց մէջէն կ՚արտայայտուի բարոյական կեանքը։ Կիրքերը բարոյապէս բարի են, երբ կը սատարեն բարի գործի մը, հակառակ պարագային՝ յոռի՛ են։

Ուղիղ կամքը դէպի բարին եւ դէպի երանութիւն կը կարգաւորէ զգացական մղումները, զորս կը ստանձնէ։

Յոռի կամքը տեղի տալով անկարգ կիրքերուն՝ կը չարացնէ զանոնք։

Յուզումները եւ զգացումները կրնան իւրացուիլ «առաքինութիւն»ներով, առաքինութիւններու կողմէ եւ կամ վատթարանալ «մոլութիւն»ներուն միջոցով։

Քրիստոնեայ կեանքին մէջ, Սուրբ Հոգին կը կատարէ Իր գործը, զօրաշարժի ենթարկելով մարդուն ամբողջ էութիւնը, ներառեալ անոր վիշտերը, ցաւերը, վախերը եւ չարչարանքները, ինչպէս պարզուեցաւ Տիրոջ Հոգեվարքին եւ չարչարանքներուն մէջ։ Քրիստոսի մէջ, մարդկային զգացումները կրնան իրենց կատարումին հասնիլ սիրոյ եւ աստուածային երանութեան մէջ։

Բարոյական կատարելութիւն կայ, երբ մարդը կը մղուի դէպի բարիին ո՛չ միայն իր կամքով, այլ նաեւ իր զգացական ախորժակով, ըստ Սաղմոսերգուին. «Սիրտս եւ մարմինս կը ցնծան դէպի Աստուած կենդանի» (ՍԱՂՄ. ՁԳ 3)։

Մարդ երբ կը պատրաստուի գործադրել իր կամքը, պէտք է նկատի ունենայ, որ իր խղճմտանքին խորը կը գտնէ օրէնքի մը ներկայութիւնը՝ որ ինք չէ տուած, սակայն որուն ինք պարտաւոր է հնազանդի՛լ։ Այս ձայնը, որ անդադար կը մղէ զինք սիրելու եւ կատարելու բարին եւ զգուշանալու չարէն, պատեհ պահուն կը հնչէ անոր սրտին մտերմութեան մէջ։ Ասիկա օրէնք մըն է, արձանագրուած Աստուծոյ կողմէ մարդուն սրտին մէջ։ Խղճմտանքը մարդուն ամենէն մտերիմ եւ ամենէն գաղտնի ներսիդին է, սրբավայրը ուր ան առանձին է Աստուծոյ հետ եւ ուր Աստուծոյ ձայնը ինքզինք լսլեի կ՚ընէ։

Բարոյական խղճմտանքը բանականութեան մէկ դատողութիւնն է, որուն միջոցով մարդկային անձը կը ճանչնայ բարոյական հանգամանքը շօշափելի գործի մը՝ զոր պիտի կատարէ, կամ կը կատարէ, կամ արդէն կատարած է։ Իր ամէն ըսածին եւ ըրածին մէջ, մարդը պարտաւոր է հետեւելու հաւատարմաբար այն բանին, զոր գիտէ, թէ արդար է եւ ուղի՛ղ։

Իր խղճմտանքին դատողութեամբ է, որ մարդը կը տեսնէ եւ կը ճանչնայ աստուածային օրէնքին հրահանգները…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 4, 2020, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Յունիս 6, 2020