ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Անօրէն մարդը իր վերցուցած կաշառքով ի՞նչ կ՚ընէ:
Պատասխան. Առակագիրը շատ հետաքրքրական նկարագրութիւն մը կու տայ կաշառք վերցնողի մասին, երբ կը գրէ. «Անօրէն մարդը ուրիշին ծոցէն կաշառք կ՚առնէ, որպէսզի արդարութեան ճամբան ծռէ» (Առ 17.23):
Իմաստունին այս տողերը կարդալով անգամ մը եւս յստակ կը դառնայ մեր միտքերուն, որ ցանկացած կաշառք չի՛ կրնար արդար ու բարի նպատակի մը ծառայել: Կաշառքը ինքնին մեղք է, որովհետեւ հակառակ է Տիրոջ պատուիրանին, որ կ՚ըսէ. «Երեսիդ քրտինքով ուտես քու հացդ» (Ծն 3.19), իսկ կաշառքը երբե՛ք չի կրնար երեսի քրտինքի արդիւնք ըլլալ, ընդհակառակը առանց քրտինքի, առանց աշխատութեան վաստակած արդիւնք է կաշառքը, որ մի միայն չարիքի կը ծառայէ ու չարիք կը բերէ կաշառք վերցնողին:
Առակագիրին այստեղ մատնանշած իրողութիւնը հետաքրքրական է, երբ կը խօսի անօրէն մարդու վերցուցած կաշառքի մասին, որ մէկէ մը առնելով կաշառքը զայն կը ծառյացնէ արդարութեան ճամբան ծռելուն, այլ խօսքով մէկէ մը առնելով ուրիշի մը վնաս պատճառելու կը ծառայէ այդ կաշառքը, ինչ բանէ մարդ ո՛չ միայն պէտք է զգուշանայ, այլեւ հեռո՛ւ մնայ:
Առակագիրին մատնանշած այստեղի երեւոյթը առաւել կերպով կը վերաբերի պատասխանատու պաշտօններ ունեցողներուն, որոնք մէկէ մը «նուէր»՝ կաշառք կը վերցնեն, եւ այդ «նուէր»ին փոխարէնը ուրիշի մը վնաս կը պատճառեն, հաճոյացնելու համար «նուիրատուին»՝ կաշառողին:
Ո՛չ պէտք է կաշառք տալ, եւ հակառակը՝ պէտք չէ կաշառք վերցնել:
Այն ինչ որ մեր իրաւունքն է՝ այսպէս կամ այնպէս օր մը մերը կ՚ըլլայ, իսկ ինչ որ մերը չէ, ո՛չ հոգեւոր, ո՛չ բարոյական եւ ո՛չ ալ մարդկային իրաւունքն ունինք կաշառքի դիմաց զայն մերը դարձնելու, մարդ պէտք է գոհանայ իրեն տրուածով, եւ աւելիին չձգտի: Իսկ պատասխանատու պաշտօններ զբաղեցնողներն ալ փոխանակ կաշառք վերցնելու, պէտք է կաշառողները ծանր կերպով պատժեն՝ ի տես բոլորին, որպէսզի ատով դաստիարակեն ու զգաստութեան հրաւիրեն միւսները, որպէսզի կաշառելու մտածումն իսկ չունենան:
Հ. Ինչպէ՞ս կարելի է զանազանել իմաստունն ու յիմարը:
Պ. Մեր օրերուն շատ դժուարացած է այսպիսի ընտրութիւն մը, որոշում մը, կամ զանազանութիւն մը կատարելը, որովհետեւ համացանցային էջերը լեցուած են «փիլիսոփայական», «իմաստասիրական» կոչերով, գրութիւններով: Շատ յաճախ համացանվան գրութիւն մը գրել, չէ՞ որ վեցերորդ դասարանն իսկ չէ աւարտած: Ասիկա պարզ օրինակ մըն է, որով կրնանք հաստատ կերպով ըսել, թէ համացանցային էջերուն վրայ յայտնուած գրութիւնները անպայմանօրէն օգտագտէրերուն կրնայ չըլլալ, որովհետեւ մարդիկ այս անիրական հարթակներուն վրայ կը փորձեն կայանալ, կ՚ուրախանան երբ հաւանումներու թիւը աճի…, այդպիսով նախ իրենք զիրենք խաբելով, եւ երկրորդ բոլոր անոնք, որոնք կը հետեւին իրենց…
Ինչ կը վերաբերի իրական կեանքին. այս օրերուն իրական կեանքին մէջ ալ դժուարացած է մարդիկը ճանչնալու գործողութիւնը, որովհետեւ ներկայ կը գտնուիք կարեւոր գիտաժողովի մը, կը հանդիպինք կոկիկ հագուած մարդոց, որոնք կը բարեւեն ու լուռ կը մնան… Առաջին տպաւորութիւնը շատ խոր կ՚ըլլայ, նկատի ունենալով վայրը, նպատակը այդ հաւաքին, սակայն միայն առիթ տրուի այդ մարդոց խօսելու… հիասթափութեան հսկայ ալիք մը կը բարձրանայ ներկաներէն շատերուն մօտ, որովհետեւ հակառակ ներկայանալի կերպերուն, ծանր եւ լուրջ երեւալու փորձերուն, սակայն իրենց բերանները, շրթները կը դաւաճանեն զիրենք ու կը յայտնեն իրենց իսկութիւնը:
Լռութիւնը անպայմանօրէն իմաստութեան նշան չէ, ընդհակառակը, մանաւանդ մեր օրերուն լռութիւնը շատ յաճախ յիմարութեան նշան է: Այս մասին Առակագիրը կը գրէ. «Յիմարը անգամ՝ եթէ լուռ կենայ՝ իմաստուն ու իր շրթունքները գոցողը հանճարեղ կը սեպուի» (Առ 17.28), այնպէս որ ամէն լուռ մնացող ու իր շրթունքները գոցող պայման չէ որ իմաստուն կամ հանճարեղ ըլլայ, ընդհակառակը երբեմն այդ լռութեան ետին այնպիսի «գանձեր» պահուած կ՚ըլլան…:
Սուրբ Գրիգոր Մեծ Հայրապետը՝ Հռոմի առաջին Պապը այս մասին այսպէս կը գրէ. «Ինչպէս երբ տան դուռը կը փակուի, յայտնի չ՚ըլլար թէ այդ տան մէջ քանի հոգի կայ, այդպէս ալ, ընդհանրապէս կ՚ըսենք, եթէ յիմարը ինքզինք կարենայ զսպել (այսինքն՝ լռէ), յայտնի չ՚ըլլար թէ իմաստուն է կամ յիմար: Այս կարծիքը այնքան ատեն կը մնայ, մինչեւ գործ մը ընէ, ուր յայտնի կը դառնայ թէ այդ լուռ մարդուն միտքին մէջ ի՛նչ կայ…: Սողոմոնը լաւ ըսած է. “Յիմարը եթէ լուռ մնայ՝ իմաստուն կը կարծուի”»:
Հ. Ի՞նչ կ՚ընէ ինքնահաճ մարդը:
Պ. Սողոմոն Իմաստուն կը գրէ. «Ինքնահաճոյ մարդը իր ցանկութիւնը կը փնտռէ եւ ամէն խորհուրդի դէմ կը կենայ» (Առ 18.1):
Ինքնահաճոյ մարդը նոյնինքն ամբարտաւան մարդն է, որ իրմէ դուրս ո՛չ ոք եւ ո՛չինչ կը տեսնէ: Այդպիսին կը կարծէ, թէ ինք աշխարհի կեդրոնն է եւ աշխարհը իր չորս կողմը կը դառնայ: Այսպիսի մարդը ո՛չ միայն հակառակ է մարդոց, այլեւ՝ առաջին հերթին հակառակ ու թշնամի է Աստուծոյ, որ պատուիրեց մեզի ո՛չ միայն զԻնք սիրել, այլեւ՝ մեր նմանն ալ սիրել, իսկ ինքնահաճ մարդը բացի ինքն իրմէ ոչ ոք կրնայ սիրել:
Յուդա առաքեալը իր ընդհանրական նամակին մէջ այսպէս կը գրէ այսպիսի մարդոց մասին. «Ահա ճիշդ ասոնք են, որ ձեր մէջ բաժանումներ յառաջ պիտի բերեն, մարդիկ՝ որոնք մարմնաւոր ցանկութիւններով կ՚առաջնորդուին եւ Սուրբ Հոգին չունին իրենց մէջ» (19): Առաքեալին գրածը կարդալով կ՚իմանանք նաեւ, որ ինքնահաճ մարդիկ իրենց մէջ Սուրբ Հոգին չունին, սա եւս փաստ մըն է, որ այդպիսիները Աստուծոյ թշնամի են, որովհետեւ Աստուած մարդիկը կոչած է որ Իր բնակարանը, տաճարը դառնան, իսկ երբ մարդ Աստուծոյ տաճարը չէ, Աստուած ներկայ չէ այնտեղ, ապա չարը իր գերութեան տակ առած է այդ մարդը, եւ ատոր ամենէն վառ ապացոյցը ինքնահաճութիւնը՝ ամբարտաւանութիւնն է, որ մարդը սէրէն կը դատարկէ՝ Աստուծոյ եւ մարդոց նկատմամբ սէրէն, ու մարդը եսասէր կը դարձնէ:
Սուրբ Մակար Մեծը այսպէս կը խրատէ իր զաւակները. «Զաւակներս, հեռո՛ւ փախէք մեղքէն եւ մինչեւ մահ համբերեցէք Տիրոջ պատուիրանները պահելով: Թշնամիին փսփսոցին ականջ չտաք՝ որեւէ մէկ պատուիրան զանց ընելու՝ ինչքան ալ փոքր ըլլայ ան, քանի որ որեւէ մէկ պատուիրան՝ մեծ կամ փոքր զանց ընելով՝ զԱստուած կը բարկացնենք: Զաւակներս, կ՚ուզեմ որ դուք միշտ Աստուծոյ բնակարան ըլլաք, որպէսզի ձեր նմանին մասին միայն բարին մտածէք ու ձեր մէջ չգտնուի մէկը, որ իր եղբօր չարիք կամենայ կամ ատելութիւն ունենայ անոր նկատմամբ, որովհետեւ այն սիրտը որ չարիք ու ատելութիւն ունի իր մէջ, չի՛ կրնար Աստուծոյ բնակար ըլլալ»:
Սուրբ Պօղոս առաքեալ իր աշակերտ՝ Տիմոթէոսի ուղղած երկրորդ նամակի 3-րդ գլուխին սկիզբը խօսելով վերջին ժամանակներու մարդոց նկարագիրին մասին, ի շարս բազմաթիւ տեսակներու, ամբարտաւանութիւնն ալ կը յիշէ, որով մենք պէտք է զգուշանանք, որպէսզի ամբարտաւանութեան յորձանքը մեզ եւս չկլանէ իր կործանող ալիքներուն մէջ, որով մեր յաւիտենականութիւնը կորսնցնելու պատճառ դառնայ:
Շնորհք Պատրիարք Գալուստեանը ամբարտաւանութիւնը կը համարէ մարդու տկարութիւններէն մէկը, եւ կը յորդորէ մեզի, որպէսզի «քննենք մենք զմեզ Աստուծոյ խօսքին լոյսին տակ եւ լրջօրէն խնդրենք ներկայութիւնը Ս. Հոգիին, որ իրապէս պիտի բանայ մեր հոգիին աչքերը, տեսնելու համար նախ մեր տկարութիւնները եւ մեղքերը -ամբարտաւանութիւնը, նախապաշարումները, աշխարհային ցանկութիւնները- եւ ապա օժտելու համար զմեզ զօրութեամբ ասոնցմէ ազատագրելու համար: Ի վերջոյ պիտի բանայ մեր աչքերը, որպէսզի ճանչնանք մեր իսկական նկարագիրը եւ մեր հոգեկան կացութիւնը, որպէսզի հետամուտ ըլլանք տիրանալու մեր փրկութեան եւ պահպանելու զայն մեծագոյն խնամքով եւ գուրգուրանքով»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 58
Վաղարշապատ