Եկեղեցական

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՊԷՅՔՈԶԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին նախագահեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան, որու ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։

ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ «ԼՍԵԼՈՎ ԱՐԵՒԵԼՔԸ» ԽՈՐԱԳՐԵԱԼ ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

Հռոմի «Անճելիքում» քահանայապետական համալսարանէն ներս վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ «Լսելով Արեւելքը» խորագրեալ միջեկեղեցական, միջազգային գիտաժողով մը։ Ս. Թովմաս Աքուինացիի յիշատակին ձօնուած այս համալսարանէն ներս կազմակերպուած գիտաժողովը կը վերաբերէր Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներուն մէջ ժողովականութեան, սինոդականութեան։

ՀՈԳԵԼՈՅՍ Տ. ԹԱԹՈՒԼ Ծ. ՎՐԴ. ԱՆՈՒՇԵԱՆԻ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԵԼԻՑԸ

Հոգելոյս Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան երէկ մեր համայնքէն ներս յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ ոգեկոչուեցաւ վախճանման առաջին տարելիցին առթիւ։

Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ԼԻՒՔՍԵՄՊՈՒՐԿԻ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ ՀԵՏ

Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռին մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան վերջին երկու օրերուն այցելեց Լիւքսեմպուրկի Մեծ դքսութիւն։

«ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԸ ԱՅՍՕՐ ԵՒ ՎԱՂԸ»

Լոս Անճելըսի մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Լեռնային Ղարաբաղը այսօր եւ վաղը» խորագրեալ համաժողով մը, որ կազմակերպուած էր Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի աջակցութեամբ։

Էջեր