Ո՜Վ ՏէՐ, ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՍԿԻԶԲՈՎ ԱՐՓԱՇՈՂ ՕՐԵՐ ՊԱՐԳԵՒԷ
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Մեծ է Ամանորի նշանակութիւնն ու արժէքը եւ 2023-ի նախասեմին համայն մարդկութիւնը կրկին անգամ կը համախմբուի այս արժէքաւոր առիթին շուրջ՝ նկատի ունենանով, որ Նոր տարին դրական եւ ժխտական երեսակներով պատրաստ է նորը մատուցանելու համայն աշխարհին։