ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՌԱԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԵՏ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը նախընթաց օր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի Մարոնիտ եկեղեցւոյ Ռաի Պատրիարքին հետ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Լիբանանի Մարոնիտ եկեղեցւոյ կեդրոնատեղիին՝ Պըքերքէի մէջ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Ֆրանսայի Օ-տը-Ֆրանս շրջանի խորհուրդի նախագահ Զաւիէ Պերթրանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ վերջին օրերուն այցելեց Երեւան, ուր հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։
Գերմանիոյ Քէօլն քաղաքին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ միջազգային համաժողով մը, որ կազմակերպուած է՝ «Արցախի վտանգուած քրիստոնէական մշակոյթը» նիւթին շուրջ։ Այս համաժողովի կազմակերպիչներն էին Գերմանիոյ Կաթողիկէ եպիսկոպոսաց ժողովը, Գերմանիոյ Աւետարանական եկեղեցին եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմը։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Ֆինլանտիոյ Լուտերական-Աւետարանական եկեղեցիէն պատուիրակութիւն մը։
Պատրիարքական Աթոռի միաբան Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ շուրջ ամիսէ մը ի վեր կը գտնուէր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի թեմէն ներս, շաբաթավերջին հրաժեշտ առաւ Մոնրէալէն։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Արժանթինէն պատուիրակութիւն մը, որու անդամներու շարքին էին հասարակական գործիչներ, լրագրողներ, իրաւաբաններ եւ գործարարներ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի թեմակալ առաջնորդ Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեան երէկ պատարագեց Մոնրէալի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Նորին սրբազնութեան առընթերակայ էր Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Կարմիր կիրակիի Ս. Պատարագին նախագահեց Պոյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ պատուիրակութիւն մը, որ վերջին օրերուն այցելեց Երեւան։ Պատուիրակութեան գլուխը կը գտնուէր ծերակուտական Պրունօ Ռեթայօ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Արժանթինի մասնաճիւղէն պատուիրակութիւն մը։