ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Խաչվերացի տօնի արարողութիւններուն եւ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Սկիւտարի բարձունքին հոգեւոր հրճուանքի մթնոլորտ ստեղծուեցաւ։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։
Խաչվերացի տաղաւարին առթիւ երէկ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ռեհաններով զարդարուած Կենաց Փայտի մասունքները վերաբերուեցան եւ այս տարի եւս, ըստ աւանդութեան, մասունքակիր խաչով թափօր կազմուեցաւ։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ցաւակցագիր մը ուղարկած է Անգլիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհիի մահուան կապակցութեամբ։ Չարլզ Գ. թագաւորին յղուած է Նորին Սրբութեան ցաւակցականը։
ԿՈՐԻՒՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ
Գերմանիոյ Քառլսռուէ քաղաքին մէջ երէկ եզրափակուեցաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) 11-րդ համաժողովը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պատուիրակութիւնը՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ։
Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ օծուեցաւ Գեղարդավանքի Ս. Կաթողիկէ եկեղեցւոյ գմբէթի խաչը։ Գեղարդի պատմական համալիրէն ներս այս առթիւ ստեղծուեցաւ արտասովոր մթնոլորտ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց IBM ընկերութեան ելեկտրոնային նախագծման օթոմաթիզմի խումբի փոխ-նախագահ Լէոն Սթոքը, որուն ուղեկցեցան «Սինոփսիս Արմենիա» ընկերութեան նախագահ Երուանդ Զօրեան եւ գործադիր տնօրէն Յովիկ Մուսայէլեան։
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի՝ Գերմանիոյ Քառլսռուէ քաղաքի 11-րդ համագումարը այսօր կ՚եզրափակուի:
Գերմանիոյ Քառլսռուէ քաղաքին մէջ կը շարունակուի Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) 11-րդ համագումարը։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները աշխուժօրէն ներգրաւուած են քննարկումներուն։