ԲԱՐԻ ԵԿԱՐ, ՀԱԶԱՐ ԲԱՐՈՎ ՆՈՐ ՏԱՐԻ
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սիրելի՜ բարեկամներ, ով գիտէ քանիերորդ անգամ մը եւս մեր առջեւ նոր ճամբայ մը կը բացուի ահաւասիկ։ Շատեր անցան հին ճամբայէն՝ երբեմն զուարթ, երբեմն տխուր, երբեմն լուսաւոր, երբեմն խաւար, երբեմն գոհացած, երբեմն կարօտալի՝ միշտ տարբեր տրամադրութիւններու, տարբեր վիճակներու մէջ։
Որքա՜ն պատշաճ է այս գոհաբանական աղօթքը ուղղել առ Աստուած ամէն երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին, երբ կէսօրը իր աւարտին կը հասնի: Նոյնպէս պատշաճ է սրտանց արտասանել զայն, երբ կը լրանայ հին տարին եւ նորին սեմէն մուտք կը գործենք:
ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ
ՅՈՎԱԿԻՄ ԱԲՂ. ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
ԿՈՐԻՒՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այսօր կէս գիշերին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն Ամանորի առթիւ իր պատգամը կ՚ուղղէ համայն աշխարհի հայութեան։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս հայաշխարհը ուշադրութեամբ կը սպասէ Վեհափառ Հայրապետի պատգամին՝ մանաւանդ, որ Հայաստանն ու Արցախը կը դիմագրաւեն ծանրածանր մարտահրաւէրներ։
Համայն հայութիւնը 2023 թուականը կ՚ողջունէ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի պաշտամունքի վերաբացման ակնկալութեամբ։ Ինչպէս ծանօթ է, Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարը երկար տարիներէ ի վեր պաշտամունքի փակ է, որովհետեւ ամրակայման ու հիմնանորոգման աշխատանքները տեւած են շատ երկար։
Կը տեղեկանանք, որ այս տարի եւս լոյս տեսած է Պատրիարքական Աթոռի պաշտօնական օրացոյցը։ Այսպէս, 2023 թուականի «Եկեղեցական օրացոյց»ը կը պարունակէ եկեղեցական բոլոր տօները, շարականները, սուրբգրական ընթերցումներու համարները, եկեղեցիներու ուխտի օրերը եւ այլն։