ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՆԱԽԿԻՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԸ
Ֆրանսայի նախկին վարչապետներէն Էտուար Ֆիլիփ վերջին օրերուն այցելեց Հայաստան։ Երեւանի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուելու առընթեր, Էտուար Ֆիլիփ այցելեց նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր ընդունուեցաւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ։
Մեծ պահոց շրջանի առաջին Արեւագալը երէկ տեղի ունեցաւ Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։ Հաւատացեալներ արդէն լեցուցած էին եկեղեցին, ուր լսեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր պատգամը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի զանազան բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններէ ներս ուսանող արցախցի խումբ մը երիտասարդները:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Մեծ պահքի շրջանի սկիզբին առթիւ երէկ հանդէս եկաւ պատգամով մը, զոր կարդալ ստորեւ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու առաջնորդները շաբաթավերջին աշխատանքային հանդիպում մը ունեցան Նիւ Եորքի մէջ։ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան այս առթիւ հիւրընկալեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը եւ Գանատայի թեմի առաջնորդ Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեանը։
Սրբոց Ղեւոնդեանց եւ Վարդանանց տօներուն առթիւ քահանայից հաւաք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Հայրապետական մաղթանք տեղի ունեցաւ Ս. Վարդանանց տօնին առթիւ: