Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ԳՈՒԳԱՐԱՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՆԻՍՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որ ուսումնառութեան համար մեկնած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, շաբաթավերջին Ս. Սարգիս զօրավարի յիշատակութեան տօնակատարութիւններուն մասնակցեցաւ Գուգարաց թեմէն ներս։ Վանաձորի առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած հանդիսաւոր Ս. Պատարագին յաջորդեց երիտասարդաց օրհնութեան կարգը։