ՄԻԱՑԵԱԼ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱՅԻՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Միացեալ Աստուածաշնչային ընկերութիւններու թարգմանական ծրագրերու տնօրէնուհի Մարինա Լոմովայը եւ Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութեան թարգմանական ծրագրերու համակարգող Մարիքա տէ Լանկը։ Հիւրերուն ուղեկցեցաւ Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ յորդորով մը հանդէս եկաւ Մեծ պահոց սկիզբին առթիւ։ Վեհափառ Հայրապետի պատգամին մէջ կը կարդանք հետեւեալը։
Բուն բարեկենդանէն եւ փակեալ խորանէն անմիջապէս ետք ընթացք կ՚առնէ Մեծ պահքը կամ Քառասնորդական պահոց շրջանը։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. «Հոգեւոր արժէքներու վրայ ամուր հաստատուած հասարակութիւնն է, որ կրնայ իր կեանքի վերընթացը կերտել»:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ այն եկեղեցականներուն հետ, որոնք վերապատրաստման դասընացքներու կը մասնակցին։ Մայրավանքի համալիրէն ներս, «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդիպումը։
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հրաւէրով երէկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը ժամանեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Կիլիկեան Աթոռի գահակալը եռօրեայ այցելութիւն մը կու տայ դէպի Հայաստան։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի թեմի առաջնորդարանի դիւանը թողարկեց մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, որ կը վերաբերի Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի վերջին հովուապետական այցելութեան։ Նորին Սրբութեան ուղեւորութեան շուրջ հաղորդած էինք զանազան տեղեկութիւններ։
ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը երէկ պատարագեց Մելպուռնի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: