Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԵԼԺԻԱ
Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան անցեալ շաբաթավերջին այցելեց Պելժիա։ Պրիւքսելի օդակայանին մէջ նորին սրբազնութիւնը դիմաւորուեցաւ Պելժիոյ Հայրապետական պատուիրակի փոխանորդ Տ. Զատիկ Վրդ. Աւետիքեանի կողմէ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի մայր տաճարէն ներս:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն առթիւ երէկ հրապարակեց հետեւեալ պատգամը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ քուէարկեց Էջմիածին քաղաքի 14/11 ընտրական տեղամասին մէջ, ուր Հայաստանի խորհրդարանական արտահերթ ընտրութեան մասնակցեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններու ուղեկցութեամբ։ Քուէարկելէ վերջ Վեհափառ Հայրապետը զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Տ. Անդրանիկ Վրդ. Գէորգեանը եւ Տ. Մովսէս Վրդ. Սարգսեանը։ Այս վերջինները ներկայ շաբթուան սկիզբին իրենց թեզերը պաշտպանած ըլլալով երէկ առաւօտ Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ մէջ արժանացան մասնաւոր վարդապետական աստիճանի տուչութեան՝ ձեռամբ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեանի։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին շաբաթավերջին նշեց հայոց առաջին լուսաւորիչներ՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու տօնը։ 2015 թուականին Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակով այս առաքեալներու տօնը հռչակուած էր աստուածամուխ Ս. Գեղարդի ուխտի օր։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը նորաօծ քահանայ հայրեր, որոնք ձեռնադրուած էին անցեալ հոկտեմբերի 7-ին։ Այս եօթ նորաօծ քահանայ հայրերը, աւարտած ըլլալով իրենց ապաշխարութեան շրջանը, ներկայացան Վեհափառ Հայրապետին եւ ստացան իր օրհնութիւնները, նաեւ հայրական թելադրութիւնները իրենց յետագայ ծառայութեան վերաբերեալ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Երեւանի մէջ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Վեհափառ Հայրապետն ու Հանրապետութեան նախագահը քննարկեցին Հայաստանի ապագային, պետութիւն-եկեղեցին յարաբերութիւններուն եւ ազգային-եկեղեցական կեանքի վերաբերեալ խնդիրներ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը յայտարարեց, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին չի կրնար ողջունել եկեղեցւոյ պառակտման ուղղեալ քայլերը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց յայտնի արուեստաբան ու շարժանկարի մասնագէտ Արմէն Մետվետեւը։ Հարկ է նշել, որ այս վերջինը նախապէս արժանացած է «Եղիցի լոյս» մրցանակին։