ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒՆ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի մէջ ապաստան գտած սուրիահայ ընտանիքներու երեխաները։ Վեհափառ Հայրապետին ներկայացած խումբին ուղեկցեցաւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան տնօրէն Ճորճ Բարսեղեան։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին մեծ շուքով նշեց Սրբոց Վարդանանց յիշատակութեան տօնը:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը լոյս ընծայեց «Հայ-Աղուանական եկեղեցական յարաբերութիւնները 2-8-րդ դարերուն» խորագրեալ ուսումնասիրութիւնը՝ որու հեղինակն է պատմաբան Փրոֆ. Հենրիկ Սվազեան։ Այս աշխատութեան մէջ կը պարզաբանուին քրիստոնէութեան Աղուանք ներթափանցումը, ընդունուիլը, ինչպէս նաեւ պատմական Մեծ Հայքի ու Աղուանքի միջեւ փոխյարաբերութիւնները։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկուան խորհրդակցութեան ընթացքին համայնքային վարիչներուն բացատրութիւններ տուաւ իր մօտալուտ ուղեւորութեան մասին՝ դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Ան յայտնեց, որ որպէս պատրիարք՝ առաջին այցելութիւնը պիտի իրականացնէ դէպի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ընդհանրական կեդրոնը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ 28 փետրուարին Նորին Ամենապատուութիւնը պիտի ուղեւորուի դէպի Հայաստան։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ խանդավառութեամբ նշեց Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախագահեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արարողութիւններուն։
Հռոմի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ երիտասարդ հոգեւորականներու հաւաք մը, որ կազմակերպուած է Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներու պաշտօնական երկխօսութեան շրջանակներէն ներս։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, այս հաւաքին կը մասնակցին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիէն ներկայացուցիչներ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այսօր կը նշէ Տեառնընդառաջի տօնը, որ կը խորհրդանշէ քառասնօրեայ մանուկ Յիսուսի տաճար ընծայումը։ Երէկ երեկոյեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի հանդիսաւոր նախատօնակը։
Փետրուարեան եկեղեցական օրացոյցին մէջ իր նշանակալից տեղը ունի տօնը՝ փետրուար 14-ի Տեառնընդառաջը, որ կը խորհրդանշէ 40 օրուան Յիսուսի տաճար ընծայումը:
«Դէպի Աստուած ճանապարհը կ՚օգնէ բացայայտել սեփական ինքնութիւնը»:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին մօտալուտ այցելութեան ընթացքին կը նախատեսէ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հետ քննարկել եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան նիւթ մը, ինչ որ էական նշանակութիւն ունի Պոլսոյ Աթոռին տեսակէտէ եւ երկար ժամանակէ ի վեր կը գտնուի օրակարգի վրայ։