ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՎԵՐՋԻՆ ՕԾՈՒՄ ՆՈՐՈԳ ՎԱԽՃԱՆԵԱԼ Տ. ՄԻՒՌՈՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՅՎԱԶԵԱՆԻ՝ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Տ. Միւռոն Ա. Քհնյ. Այվազեանի յուղարկաւորութեան ու վերջին օծման կարգը։ Արարողութիւններուն նախագահեց եւ վերջին օծումը կատարեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով նշեց Սրբոց Վարդանանց յիշատակի տօնը:
Օր՝ քահանայական ծառայութեան արժեւորման, պանծացման, փառաբանութեան եւ ներշնչանքի:
Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ արարողութիւն՝ Ս. Էջմիածնի մէջ:
Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութեան յանձնաժողովի նստաշրջանը:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան յայտնեց, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցին վերջին տասնամեակներուն սարկաւագուհիներու եւ դպիրներու ձեռնադրման աւանդոյթի վերականգնման հարցը քննարկած է զանազան մակարդակներու վրայ, սակայն այս ուղղութեամբ առայժմ չկայ որեւէ կրօնական-ժողովական որոշում կամ հայրապետական տնօրինութիւն։ «Արմէնփրէս»ին տուած հարցազրոյցին մէջ ան յայտնեց, որ շատ զգոյշ պէտք է ըլլալ որեւէ աւանդոյթի վերականգնման քննարկումներու ժամանակ, հաշուի պէտք է առնել բազում հանգամանքներ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը կը կարեւորէ 2018-ի յոբելեանները, մանաւանդ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան 100-ամեակը:
«Աստուծոյ հակառակ ընթացքները կը շարունակեն ալեկոծել մարդկութեան կեանքը, ծանրաբեռնել հոգերով ու մտահոգութիւններով։ Գիտական ու փորձագիտական հսկայական յառաջընթացով հանդերձ՝ մարդկութիւնը կ՚երերայ բարիի եւ չարի, կեանքի եւ մահուան ընտրութեան առջեւ։ Երկխօսութիւններու մեր օրերուն բազում մարդիկ կը դառնան զոհ անհանդուրժողականութեան, կրօնական ատելութեան, ահաբեկչութեան, կ՚ենթարկուին զանազան բռնութիւններու»։
Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ փոխանցեց համայն հայութեան ուղղեալ տաղաւարի պատգամը՝ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի խորանէն։ Ստորեւ արեւմտահայերէնի վերածելով կը ներկայացնենք հայրապետական պատգամը։