ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղի տիկնանց յանձնախումբի անդամուհիները, որոնց հետ էր նաեւ ՀԲԸՄ-ի բազմամեայ գործիչներէն, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարերար Ռուբէն Քեշիշեան։ Հանդիպման սկիզբին Ռուբէն Քեշիշեան ներկայացուց ուխտագնացութեան մասնակիցները՝ ուրախութիւն յայտնելով Հայաստանի մէջ գտնուելու կապակցութեամբ։
Աւագ երեքշաբթին ժողովուրդին մէջ ծանօթ է ՏԱՍԸ ԿՈՒՍԱՆԱՑ յիշատակի օր անունով: Ներքին ձեւով կապուած է նախորդ օրուան՝ Աւագ երկուշաբթիի հետ. ան կ՚ակնարկէ, որ մեր առաքինի գործերու պտուղներով հոգեպէս պէտք է պատրաստ ըլլանք Քրիստոսի երկրորդ գալստեան, այլապէս կը չորնանք թզենիին պէս եւ երկինքի արքայութենէն դուրս կը մնանք հինգ յիմար կոյսերուն նման:
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին երէկ հանդիսաւորապէս նշեց Ծաղկազարդը։ Տէր Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի յիշատակը՝ Ծաղկազարդի տօնը այս տարի եւս ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն։
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ դեսպանը այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Բակօ Սահակեան հիւրընկալեց Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը, որ այցելեց Ստեփանակերտ:
Երէկ, Արցախի մէջ պատմական օր մը ապրուեցաւ՝ Ստեփանակերտի մէջ կառուցուած Աստուածամօր Ս. Հովանի Մայր տաճարի օծման ու պաշտամունքի վերաբացման առթիւ։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ օծուեցաւ նորակառոյց այս եկեղեցին, ուր մատուցուեցաւ նաեւ անդրանիկ Ս. Պատարագը։
Հայց. Առաքելական եւ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցիներու հայրապետները փոխանակեցին ջերմ պատգամներ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ Քիրիլ Ա. Պատրիարքին հետ:
Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի նախագահութեամբ, վերջին երեք օրերուն Պելժիոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւորականաց հաւաք մը։ «Արդարութեան Ս. Աստուածամայր» վանքին (Ռհոտ-Սեն-Ժընէզ) մէջ տեղի ունեցաւ այս հաւաքը, որու առթիւ համախմբուեցան այն հոգեւորականները, որոնք կը ծառայեն Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակութեան հոգեւոր իշխանութեան սահմաններէն ներս։