ՏԵՂԱՊԱՀ Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԵՔՃԵԱՆ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՇԱԲԱԹ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի այցելէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Ըստ մեր ստացած անպաշտօն տեղեկութիւններուն, նորին սրբազնութեան կեցութիւնը պիտի տեւէ շուրջ շաբաթ մը։

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Թիֆլիզի մօտ Հայաստանի դեսպան Ռուբէն Սատոյեանը։ Շնորհաւորելով դեսպանը նշանակման առթիւ՝ Վեհափառ Հայրապետը անոր մաղթեց արդիւնաւէտ առաքելութիւն՝ ի զօրացումն երկու երկիրներու գործակցութեան, ինչպէս նաեւ հայ ու վրաց ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան առաւել ամրապնդման։
Երէկ յետմիջօրէին Պատրիարքարանի մէջ գումարուեցաւ Եկեղեցական համագումար ժողով։ Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի նախագահութեամբ Գումգաբուի մէջ համախմբուեցան Պատրիարքական Աթոռի ենթակայ հոգեւոր հայրերը։
«Երբ եկեղեցական կեանքը պառակտուած է, կարելի չէ կերտել ազգային կեանքի միութիւնը»:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը վերջերս նոր գիրք մը լոյս ընծայեց՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի մեկենասութեամբ։ Թովմա Մեծոփեցիի «Յիշատակարան»ն է այս մէկը։ Բնագրին զուգադիր՝ գործը կը բովանդակէ գրաբար եւ աշխարհաբար։
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի առաջնորդարանէն ներս մեծարանքի հանդիսութիւն:
Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպում՝ Լոս Անճելըսի մէջ։
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը շարունակեց աշխատիլ կանոնադրութեան լրամշակուած նախագծին վրայ:
Մեքսիքայի նորահաստատ հայ համայնքին համար անգնահատելի զօրակցութիւն: