ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Ռուս Ուղղափառ Քիրիլ Ա. Պատրիարքին միջնորդութեամբ կը տեսակցի Ատրպէյճանի կրօնապետին հետ:
Տարածքաշրջանի հոգեւոր առաջնորդներու երկխօսութիւնը այսօր Մոսկուայի մէջ կը շարունակուի՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լոյսին տակ:
Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ հասարակութիւնը ունեցած է մեծ կորուստ մը։ Հայ կաթողիկէ կղերը կը սգայ իր երիցագոյն անդամներէն Հայր Գասպար Վրդ. Պէյլէրեանի վախճանումը։ Ան ի Տէր հանգած է 89 տարեկան հասակին, քահանայագործութեան 58-րդ տարուան մէջ։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան օրհնութեան գիր մը ուղարկեց Վարդանանց երգչախումբի Երեւանի համերգին առթիւ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ օրհնութեան գիրը, զոր ընթերցեց դպրապետ Սեդրակ Սարկաւագ Տավութհան։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց ռազմաուսումնական հաստատութիւններու շրջանաւարտները։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնը վերջին օրերուն հրաժեշտ տուաւ իր նորոգ հանգուցեալ երիցագոյն անդամներէն Տ. Նարեկ Եպսկ. Շաքարեանին։ Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ, իր մարմինը ամփոփուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանական գերեզմանատան մէջ։
Ծանօթ է թէ Պատրիարքական, ինչպէս նաեւ համայնքային ու թաղային հաստատութեանց վարիչներու ընտրութեանց առթիւ քուէարկողներու ցանկերը երկար ժամանակէ ի վեր չեն այմէականացուած։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ շաբաթավերջին Կիւմրիի մէջ երկարատեւ ծանր հիւանդութենէ վերջ ի Տէր հանգած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի երիցագոյն միաբաններէն Տ. Նարեկ Եպսկ. Շաքարեան։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմը ներկայիս կը նշէ իր հիմնադրութեան 90-ամեակը:
Ռումանիոյ Սուչաւա քաղաքին մէջ, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տաղաւարին առթիւ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, 9-14 Օգոստոս 2017 թուականներուն տեղի կ՚ունենայ երիտասարդաց համագումար մը։