ՅԱՂԹՈՒԹԵԱՆ ՄԻՒՌՈՆ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Վեհափառ Հայրապետին բարձր նախագահութեամբ երէկ պատմական փառաշուք արարողութիւնով մը օրհնուեցաւ սուրբ իւղը:
Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնին օրը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին հերթական անգամ հոգեւոր միասնականութեան զգացումով համախմբեց իր աշխարհացրիւ հօտը: