ԻՆԸ ՆՈՐԱՕԾ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ անցեալ Կիրակի նախագահեց Գիւտ Խաչի տօնին առթիւ մատուցուած Սուրբ Պատարագին։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեանի կողմէ մատուցուած Սուրբ Պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ քահանայական ձեռնադրութիւն։
Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրին ընդառաջ՝ Մալթայի Ինքնիշխան Մարտական Ուխտի Իշխան ու Մեծ Վարպետ Ֆրա Մեթիու Ֆսեթինկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան, ու հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն՝ Տ. Սամուէլ Աբեղայ Մխիթարեան եւ Տ. Սիփան Աբեղայ Գէորգեան նախընթաց օր, Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ մէջ ստացան մասնաւոր վարդապետութեան աստիճան։ Տուչութիւնը կատարեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան։ Հարկ է նշել, որ նոր վարդապետները բոլորովին վերջերս պաշտպանած էին իրենց թեզերը։

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանի նորանշանակ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանը։ Ներկայ էր նաեւ Հայաստանի զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին նշեց Սրբոց Թարգմանչաց տօնը:
Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը ամսավերջին ժողով մը պիտի գումարէ Նիւ Եորքի մէջ: