ՍՐՏԲԱՑ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Լուսաբանող զրոյց՝ Ֆրանսայի հայոց թեմակալ առաջնորդին հետ:
Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեան կ՚անդրադառնայ թեմը յուզող ինչ-ինչ խնդիրներու:
Լուսաբանող զրոյց՝ Ֆրանսայի հայոց թեմակալ առաջնորդին հետ:
Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեան կ՚անդրադառնայ թեմը յուզող ինչ-ինչ խնդիրներու:
Ուելսի Լորտ Կլաթսոնի անունը կրող գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ Անկլիքան-Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան միջազգային աստուածաբանական հերթական նիստը։ Թիւով չորրորդ այս նիստը նուիրուած էր Անկլիքան եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու աւանդութիւններուն մէջ Ս. Հոգիի դերին եւ աստուածաբանական նշանակութեան ընկալման։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Վարդանանց ասպետներ» բարեգործական կազմակերպութեան անդամները։ Հանդիպման ժամանակ հիւրերը Նորին Սրբութեան ներկայացուցին Սփիւռքի մէջ ծաւալած իրենց գործունէութիւնը՝ ուղղուած Սփիւռքի հայկական դպրոցներու եւ մանկապարտէզներու աջակցութեան։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը երէկ նախագահեց Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին:
Նորօրհնեալ Սրբալոյս Միւռոնով Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Ջրօրհնէքի հանդիսաւոր արարողութիւն:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վաղը տեղի պիտի ունենայ Ջրօրհնէքի հանդիսաւոր արարողութիւն։ Յաւարտ Միածնաէջ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուելիք Ս. Պատարագին, հանդիսապետութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, նորօրհնեալ Յաղթութեան Սրբալոյս Միւռոնով պիտի կատարուի Ջրօրհնէքի արարողութիւն։
Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան յաջորդած ներկայ օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կը շարունակուի եռուզեռը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը հանդիպումներ կ՚ունենայ Միւռոնօրհնութեան արարողութեան մասնակցած քոյր եկեղեցիներու գահակալներուն կամ անոնց ներկայացուցիչ պատուիրակութեան անդամներուն հետ։
Գումգաբուի Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ «Հրաշափառ»ի արարողութիւն:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ շաբաթավերջին օրհնուած Սրբալոյս Միւռոնը վերաբերուեցաւ քաղաքս:
Սուրբ իւղը կը տարուի դէպի Հայ Եկեղեցւոյ աշխարհատարած թեմերը:
Վեհափառ Հայրապետը կանգ առաւ հոգեւոր նորոգութեան խորհուրդին վրայ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան վերջերս հանդիպում մը ունեցաւ Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ՝ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապին հետ՝ այս վերջնոյն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կատարած այցելութեան շրջագծով։ Ըստ Նիւ Եորքի Առաջնորդարանին կողմէ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան՝ Նորին Սրբազնութիւնը ողջունեց Սրբազան Քահանայապետին Միացեալ Նահանգներ կատարած անդրանիկ այցելութիւնը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութեան առթիւ հետեւեալ պատգամը տուաւ ողջ աշխարհի հայութեան։ Ստորեւ արեւմտահայերէնի վերածելով կը ներկայացնենք Վեհափառ Հայրապետին պատգամը։