ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԲԺԻՇԿՆԵՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Ֆրանսայէն խումբ մը բժիշկներ, որոնք վերջին շրջանին այցելեցին Հայաստան։ Մասնագէտներու այս խումբը կը գլխաւորէր Տքթ. Ժան Փիէռ Պէրպէրեան։



Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այցելութեան մը ձեռնարկեց դէպի Արցախ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ այսօր Վեհափառ Հայրապետը մեկնած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն։ Ստեփանակերտի մէջ ան կը հիւրըկալուի Արցախի ղեկավարութեան կողմէ։
Եկեղեցական շրջանակները երէկ զարմանքով հետեւած էին այն լուրերուն, ըստ որոնց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան նոր նամակ մը ուղարկած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։
«Արեւելք» կայքէջը կը հաղորդէ.-
Օգոստոսի 17-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հայրապետական այցով ժամանեց Հնդկաստանի Հանրապետութիւն՝ Կալկաթայի Հայոց Մարդասիրական ճեմարան: Ճեմարանէ ներս այժմ կ՚ուսանին յիսունհինգ սաներ Հայաստանէն, Իրաքէն եւ Իրանէն:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ հայրապետական այցելութեամբ մեկնեցաւ Հնդկաստան։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ Վեհափառ Հայրապետը ուղեւորութեան ընթացքին կ՚այցելէ Կալկաթայի Հայոց Մարդասիրական ճեմարանը։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով նշեց Սուրբ Աստուածածնի տաղաւարը: