ԱՊԱՔԻՆՄԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը հաշմանդամ պատանիներ։ Ի ծնէ հաշմանդամ եւ մանկական ուղեղային կաթուածէ տառապող Աշտարակ քաղաքի բնակիչ Դաւիթ եւ Յասմիկ Խաչատրեանները կը պատրաստուին դարմանման համար մեկնիլ Գանատա եւ այս ուղեւորութեան ընդառաջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելած էին՝ Ամենայն Հայոց Հայրապետին օրհնութիւնը ստանալու համար։

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ յոբելենական յատկանշական հանդիսութիւն մը։ Այսպէս, Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ նշուեցաւ թեմի նուիրեալ հոգեւոր սպասաւորներէն Տ. Շնորհք Ա. Քհնյ. Տէմիրճեանի քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման, հովուական ծառայութեան 25-ամեայ յոբելեանը։ Տէր Հօր ծառայած Վեննայսի Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ յոբելենական արարողութիւնները։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը աւարտեցին իրենց զօրակցութեան այցելութիւնը դէպի Արցախ։ Վեհափառ Հայրապետը եւ Կիլիկեան Աթոռի գահակալը Լեռնային Ղարաբաղէն հրաժեշտ առնելով վերադարձան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։
Ամենայն Հայոց Հայրապետին Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ դէպի Արցախ կատարուած զօրակցութեան այցելութեան շրջագծով երէկ ապրուեցաւ յատկանշական հանգրուան մը եւս։ Շուշիի Ղազանչեցոց Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք՝ Արցախի ապահովութեան եւ խաղաղութեան համար։