Եկեղեցական
ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ
Գումգաբուի մէջ երէկ ոգեկոչուեցան Հայոց Մեծ Եղեռնի զոհերը։ Ապրիլի 24-ին առթիւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ։ Արարողութիւններուն հանդիսապետեց, պատարագեց եւ քարոզեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
ԲԱՐԵԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅՑ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ պատմական արարողութիւնով մը սրբադասեց Մեծ եղեռնի բիւրաւոր նահատակները
Անմարմին զինուորներու օրհներգութիւն։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Սրբալոյս Միւռոնով հանդիսաւորապէս օծեցին սրբապատկերները, մինչ հնչեցին շարականի տպաւորիչ մեղեդիները։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի փառաշուք հանդիսութիւններուն ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեան, նաեւ քոյր եկեղեցիներու պետեր, համաքրիստոնէական ընտանիքի ներկայացուցիչներ։
«Խորհուրդ խորին» եւ «Սուրբ Սուրբ» շարականներու երգեցողութեան պայմանաւորած մթնոլորտին մէջ, ժամը՝ 19.15-ին 100 անգամ ղօղանջեցին Մայր Տաճարի զանգերը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ պատմական արարողութիւնով մը սրբադասեց Մեծ եղեռնի բիւրաւոր նահատակները։
… ԵՒ ՍՐԲԱԴԱՍՄԱՆ ՕՐԸ ՀԱՍԱՒ
ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ՀՈՍՔ
2015-ի ոգեկոչումներուն շրջագծով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը այս օրերուն կը հիւրընկալէ աշխարհի բազմաթիւ եկեղեցիներու պետերը։ Երէկ, այս ծիրէն ներս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին ժամանեցին Անտիոքի եւ Համայն Արեւելքի Պատրիարք Տ.Տ. Եփրեմ Բ. եւ Մարոնիտ եկեղեցւոյ առաջնորդ Կարտինալ Ալ Ռայի Պութրոս։
ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՀԻՒՐԵՐ
ՍԱՄԱԹԻԱՑԻՆԵՐԸ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԵԱՆ ՄԵԿՆԵՑԱՆ Ս. ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ
Ս. Երուսաղէմի մէջ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին նախորդ շաբաթավերջին Ս. Զատիկը նշեց ըստ Հին տոմարի։ Աւանդական խանդավառութեամբ տեղի ունեցան տօնակատարութիւնները։
ՏՕՆԱԿԱՆ ԲԱՐԵՄԱՂԹԱՆՔ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջին Ս. Զատկի տօնին առթիւ շնորհաւորական այց մը տուաւ Ասորի կաթոլիկներու հոգեւոր առաջնորդ Մոնսենիէօր Եուսուֆ Սաղին
ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Ս. ԶԱՏԿԻ ՏԱՂԱՒԱՐԻՆ ԱՌԹԻՒ
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ այցելեց Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը։ Ուղղափառ աշխարհի Ս. Զատկի տօնին առթիւ Նորին Սրբազնութիւնը փութաց շնորհաւորութեան, իր հետն ունենալով Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանը եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանը։