ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ԺՈՂՈՎ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ
Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ որոշումով եւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հրաւէրով, 31 Դեկտեմբեր 2015, Հինգշաբթի օր, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանի Դահլիճին մէջ գումարուեցաւ Եկեղեցական ընդհանուր համագումար, որուն նախագահեց Նորին Սրբազնութիւնը։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ, Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը, որուն նպատակն էր Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի յառաջիկայ աշխատանքները կազմակերպել:
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի հիմնադրութեան 90-ամեայ յոբելեանին առթիւ ձեռնարկ։
Նիւ Եորք քաղաքի սրտին վրայ կառուցուած Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդանիստ գեղակերտ Ս. Վարդան մայր տաճարին մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ մեր Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստ-ւածայայտնութեան տօնը: