ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԵՕԹ ՆՈՐ ՔԱՀԱՆԱՅ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԱԾ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ քահանայական ձեռնադրութիւն։ Մայր Տաճարի մէջ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատոյց Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեան, որու ձեռամբ քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում ստացան եօթ սարկաւագներ։