Եկեղեցական

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՀԻՒՐ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան երէկ հայոց վանքին մէջ ընդունեց Սուրբ Երկրի ասորիներու առաջնորդը՝ Անթիմոս Ժագ Եագուբ եպիսկոպոսը, որուն կ՚ընկերանային երկու միաբաններ։ Հիւր սրբազանը Նորին Ամենապատուութեան յանձնեց Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Եփրեմ Բ. Պատրիարքին կողմէ շնորհակալութեան պաշտօնական գրութիւն մը։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Իրանի դեսպան Ապպաս Զոհուրին։ Այս վերջինը Հայաստանի մէջ աւարտելու վրայ է իր դիւանագիտական առաքելութիւնը եւ այս առթիւ հրաժեշտի այցելութիւն մը տուած է Վեհափառ Հայրապետին։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ուխտաւորներ։ Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետին ներկայացան Տիթրոյթի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ ծուխի անդամները, որոնց ուղեկցեցաւ Տ. Փառէն Արք. Աւետիքեան։

ԹԱԼԻՆԻ ՄԷՋ ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Էսթոնիայի մայրաքաղաքը՝ Թալինի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի եկեղեցիներու քոնֆերանսի հերթական ընդհանուր ժողովը։ Համագումարը կազմակերպուած էր «Աստուծոյ օրհնութեան ներքեւ՝ կերտելով ապագան» խորագրով՝ հիւրընկալութեամբ Էսթոնիայի Ուղղափառ եւ Աւետարանական-Լուտերական եկեղեցիներու։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Մայր Հայաստան» ժողովրդական շարժման նախաձեռնած խումբի անդամները՝ գլխաւորութեամբ Անդրանիկ Թեւանեանի, որ այս շարժումը կը համակարգէ։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄՆԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) Հայաստանի գերագոյն մարմնի նորընտիր անդամները՝ գլխաւորութեամբ Դաշնակցութեան պիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի։

Էջեր