ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՈՒՐԱՐԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատիրարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Պատարագիչն էր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։
Ս. Սարգիսի տօնին առթիւ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան աւանդական արարողութիւններ, որոնք առիթ դարձան հոգեւոր հրճուանքի։ Ս. Պատարագը մատոյց եւ քարոզեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երէկ, Տեառնընդառաջի առթիւ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցան հանդիսաւոր արարողութիւններ՝ նախագահութեամբ Տ.Տ. Գերագին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի։ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. Պատարագէն վերջ, Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ նորապսակներու օրհնութեան կարգ, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ հոգեւոր ուրախութեան մթնոլորտ։
Տեառնընդառաջի տօնին առթիւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ առաւօտ նախագահեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։ Օրուան պատարագիչն էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուն, որուն ընկերացան Կէտիկփաշայի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն անդամներ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեանը, որ վերջին տարիներուն ծառայութիւնը կը շարունակէ Երուսաղէմի մէջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Տեառնընդառաջի նախատօնակի արարողութեան։ Երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին կատարուեցաւ տարուան առաջին անդաստանը՝ աշխարհի չորս ծագերու օրհնութեամբ։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան երէկ ընդունեց Հին քաղաքի նորանշանակ ոստիկանապետ Թվիր Թամիմը, որուն ընկերացան Սուրբտեղեաց ոստիկանապետ Էյալ Աւրահամ, Հին քաղաքի ոստիկանութեան քրիստոնեաներու բաժնի պատասխանատու Օլէկ Վասկեւից եւ Սուրբ Յարութեան տաճարի պատասխանատու ոստիկան Անան Շանան։