«ՍԷՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ ՊՍԱԿՆ Է»
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահքի երեսուներրորդ օրն է:
Սեւեռիոս Անտիոքացին կը գրէ. «Սէրը պահեցողութեան պսակն է, առանց որուն պահեցողութիւնը դատարկ ու անարդիւնք կը թուի. ուստի պէտք է աշխատինք խոնարհ ու համեստ ըլլալ բոլորին նկատմամբ:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Արեւագալի արարողութեան նախագահեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր համախմբուած էին հոծ թիւով հաւատացեալներ։ Նորին սրբազնութիւնը խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Արեւագալի արարողութեան նախագահեց Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ուր խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ներկայ էին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան եւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան ուխտաւոր դպիրներու կողմէ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Արաբերէնէ թրգմ.՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Վաղարշապատ քաղաքի աւագանիի «Էջմիածին» խմբակցութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ Սեւակ Խաչատրեանի։
Երէկ, Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Արեւագալի արարողութիւն՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան եւ Արման Սրկ. Մարաշլեան: