ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐԸ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական բարձր տնօրինութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարձր պաշտօնատարներու շարքին երէկ կատարուեցան կարգ մը փոփոխութիւններ։ Այսպէս, Տ. Մուշեղ Եպիսկոպոս Պապայեան Վեհափառ Հայրապետին կարգադրութեամբ ազատուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետի եւ Մայրավանքի տեսուչի պարտականութիւններէն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Արեւագալի ժամերգութեան։ Ներկայ էին Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան, Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան, Արմենակ Սրկ. Գազանճեան, ինչպէս նաեւ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Լեւոն Քուզիքօղլուի։
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Մեծ պահոց շրջանի վերջին Արեւագալը՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Նորաօծ հոգեւոր հայրերուն քառասնօրեայ պատրաստութեան շրջանի աւարտին յորդորներ եւ օրհնութիւն:
Հայոց հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մուտն ի Վիրապի յիշատակութեան առթիւ, շաբաթավերջին, Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան Ս. Պատարագ մատոյց Իտալիոյ Նափոլի քաղաքի Ս. Գրիգոր հայ եկեղեցւոյ մէջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ արարողութեանց եւ Արեւագալի ժամերգութեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մուտն ի Վիրապ յիշատակութեան տօնախմբութեան։ Արարողութեան ներկայ էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, միաբան հայրեր եւ քահանաներ։
Արաբերէնէ թրգմ.՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ