ՊԷՅՔՈԶԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեանի, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Երկար տարիներ վերջ Ս. Զատկի շրջանին արարողութիւն տեղի ունեցաւ Պէյքոզի եկեղեցւոյ մէջ, ինչ որ բացառիկ մթնոլորտի ստեղծուելուն առիթ դարձաւ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Քարիթաս Գերմանիա» կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը։ Հիւրերը գլխաւորեց «Քարիթաս»ի միջազգային գրասենեակի դրամաշնորհներու գլխաւոր պատասխանատու Անտրէաս Պրենտեր։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կարգ մը միաբաններ նշանակուեցան նոր պաշտօններու։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը այս նշանակումներուն կապակցութեամբ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանէ ներս Եւրոմիութեան քաղաքացիական դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթերը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կը շարունակէ՝ Ս. Զատկի տօնին յաջորդած ներկայ շրջանին շնորհաւորական այցելութիւններ տալ քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներուն։
Գաւառի տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, շաբաթավերջին մեկնեցաւ Անթալիա, ուր տեղւոյն Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ մատոյց հայածէս կիրակնօրեայ Ս. Պատարագը։ Իրեն կ՚ընկերանար Արթիւր Ուր. Դպիր Պաղտասարեան։
Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան պատարագեց՝ Փորթուգալի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Աւստրիայէն խումբ մը ուխտաւորներ։ Երկրի Կրաց-Սեքաուի թեմի առաջնորդ Վիլհելմ Քրաուտվաշլի Եպիսկոպոսին կողմէ կը գլխաւորուէին ուխտաւորները։