ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒՄ
Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնին ընդառաջ պաշտամունքի վերաբացուեցաւ Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցին, ուր միջոցէ մը ի վեր վերանորոգման ու բարեզարդման աշխատանքներ կը կատարուէին։ Օծման արարողութեան նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) «Բացայայտէ Հայաստանը» ծրագրին մասնակից երիտասարդները։ Խումբին ուղեկցեցաւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Հայաստանի մասնաճիւղի նախագահ Վազգէն Եագուպեան, որ հանդիպման սկիզբին հանդէս եկաւ հակիրճ խօսքով մը։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ Հայաստանի եւ սփիւռքի զանազան թեմերէն վերապատրաստման դասընթացքներու մասնակից հոգեւորականներու հերթական խումբը։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու առաջնորդները ներկայ շաբթուան սկիզբին իրենց հերթական, աւանդական հանդիպումը ունեցան՝ այս անգամ Մոնրէալի մէջ։
Գնալը կղզիի յունաց Մեթամորֆոսիս վանքին մէջ երէկ տեղի ունեցան տօնակատարութիւններ, որոնց նախագահեց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը։ Ըստ Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ տօնացոյցին՝ Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնի արարողութիւնները կատարուեցան խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։
Ցաւով տեղեկացանք, թէ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս օրերուն դարմանումի տակ կը գտնուի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ։ Նորին Սրբազնութիւնը վերջերս բացակայած է քաղաքէս ու վերադարձին անհանգստութիւն զգալով՝ դիմած է Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։
Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Սուրբ Աթոռի մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի ստորագրութեամբ, վերջին օրերուն իտալերէնով կարեւոր յօդուած մը լոյս տեսաւ Վատիկանի «Լ՚Օսերվաթորէ Ռոմանօ» պաշտօնաթերթին մէջ։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց կիրակնօրեայ արարողութեան, որու ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։
Նորին Սրբութիւնը երիտասարդ եկեղեցականներուն նուիրեց ձեռաց խաչեր եւ մասնատուփեր:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Իրաքի նորանշանակ հաւատարմատար Ալի Ապտիւլքերիմ Ութաւին։