ՎԵՀ. ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ
Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. ամէն։
«Հիմա լոյս էք ի Տէր. ընթացէք ինչպէս լուսոյ որդիներ. քանզի լուսոյ պտուղներն են բարութիւնը, արդարութիւնը եւ ճշմարտութիւնը» (Եփ. 5.8-9)։
Սիրելի հաւատաւոր ժողովուրդ,
Այսօր՝ Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին, ազգս հայոց, թէեւ վշտակիր եւ հոգեխռով, սակայն հաւատքով աներեր, կամքով անկոտրում եւ յոյսով առլեցուն, կը խոնարհի մանկացեալ Փրկչի առջեւ, որ Բեթղեհէմի այրէն որպէս լոյս ու փրկութիւն ճառագեց ողջ աշխարհին։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Սուրբ Ծնունդը նշեց աւանդական շուքով։ Մինչ այդ, Ճրագալոյցի օրը Լիբանանի վարչապետ Նեճիփ Միքաթի այցելեց Անթիլիաս, ուր հիւրընկալուեցաւ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի առթիւ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի զանազան կառոյցներու աշխարհական աշխատակիցներուն հետ։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու երիցագոյն անդամներէն Տ. Արիս Արք. Շիրվանեան երէկ վախճանած է։
Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութեան կողմէ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի Ամանորի պատգամին չհեռարձակուիլը ծնած է լուրջ բանավէճ մը:
Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան երէկ տարեմուտի առթիւ ժամերգութեան արարողութիւն մը կատարեց Գարթալի Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութեան միջեւ ներկայ տարեմուտին ստեղծուած է լուրջ լարուածութիւն մը։ Ամանորի գիշերը, Հանրային հեռուստատեսութեան կողմէ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի պատգամի հրապարակման քմահաճ մերժումը արդէն ցասում յառաջացուցած է՝ մանաւանդ սփիւռքի շրջանակներու հիասթափութիւն պատճառելով։
Նոր տարուան առթիւ Վեհափառ Հայրապետին պատգամը. «Թոյլ չտանք, որ ազգային կեանքի մէջ սերմանուի ատելութիւն ու պառակտում, արմատաւորուի կործանարար յարմարուողականութիւնն ու անտարբերութիւնը։ Ապրինք հաւատքով զարդարուն կեանքով, իրարու հանդէպ սիրով, որպէսզի զգանք Աստուծոյ շնորհաբեր ներկայութիւնը»: