ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԴՐՍԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մատոյց օրուան Ս. Պատարագը՝ առընթերակայութեամբ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեանի եւ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ Ուզունեանի։
Երէկ, Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ Նոր կիրակիի արարողութիւններուն հանդիսապետեց եւ պատարագեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ տուաւ նաեւ օրուան քարոզը։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։
Գարթալի Խնդրակատար Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ Ս. Յարութեան տաղաւարի տօնակատարութիւնները շաբաթավերջին տեղի ունեցան հոգեւոր հրճուանքի մթնոլորտին մէջ։ Քաղաքի Ասիական ափի ծայրամասի այս սրբատեղիին մէջ պատարագեց Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ խրատական մը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Լատին կաթոլիկ համայնքի վիճակաւոր Մոնս. Մասսիլմիլիանօ Փալինուրոն, որ Պատրիարքարան փութացած էր՝ Ս. Զատկի շնորհաւորութեան համար:
Ս. Զատկի Մեռելոցը այս տարի բնորոշուեցաւ Պատրիարքական Աթոռի նախորդ գահակալ երջանկայիշատակ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի կիսանդրիի բացումով։ Պալըքլըի գերեզմանատան մէջ կանգնեցուած կիսանդրին գործն է քանդակագործ Էրոլ Սարաֆեանի։
Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարի՝ տաղաւարի հայրապետական մեծահանդէս Սուրբ Պատարագը մագնիսացուց աշխարհացրիւ հայութեան ուշադրութիւնը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը վաղը առաւօտ Ս. Զատկի առթիւ պիտի պատարագէ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, ուր համայն հայութեան պիտի ուղղէ իր տաղաւարի պատգամը։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ