Ս. ՊՕՂՈՍ ԵՒ Ս. ՊԵՏՐՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ
Սուրբ Պօղոսի եւ Սուրբ Պետրոսի յիշատակութեան տօնին առթիւ, երէկ, Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ։ Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։ Պատարագիչն էր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ տօնախմբեց Ս. Ստեփանոս նախավկայի ու առաջին մարտիրոսի յիշատակութեան օրը։ Սա աւանդաբար կ՚արժեւորուի նաեւ՝ որպէս Սարկաւագներու տօն։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Տ. Գրիգորիս Վրդ. Շողիկեանը, որ վերջերս փիլիսոփայական գիտութիւններու տոքթորի կոչման արժանացած է Անգլիոյ Նաթինկհըմի համալսարանին մէջ։
Քրիստոնեայ աշխարհը արդէն սկսաւ տօնախմբել Ս. Ծնունդը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս շրջանակին մէջ արդէն շնորհաւորական այցելութիւններու փութաց քաղաքիս քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներուն։
Այսօր, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը յիշատակէ Ս. Ստեփանոսը՝ առաջին սարկաւագը, քրիստոնէութեան նախավկան։ Աւանդական տօնակատարութիւններով կը խնդրուի սուրբին բարեխօսութիւնը։
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի կրթական հիմնախնդիրներուն վերաբերեալ քննարկում մը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ցարդ 68 հոգեւորական վերապատրաստման դասընթացքի մասնակցեցաւ:
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ ոգեկոչուեցան երանաշնորհ Տ.Տ. Յակոբ Ջուղայեցի Ամենայն Հայոց Հայրապետը, ինչպէս նաեւ Պատրիարքական Աթոռի երջանկայիշատակ գահակալներէն Տ. Իգնատիոս Արք. Քաքմաճեան։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Աբրահամ Քհնյ. Մալխասեանը, որ Ֆորտհըմի համալսարանէն ներս Աստուածաբանական գիտութիւններու տոքթորի կոչման արժանացած է։