ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ ԵՒ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
Հայորդեաց տուներու այս տարուան մրցանակակիր սաները այցելեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Վեհափառ Հայրապետը մաղթեց, որ նոր սերունդի ներկայացուցիչները հասակ առնեն եւ մասնակցին բարօր երկրի կերտման:
Հայորդեաց տուներու այս տարուան մրցանակակիր սաները այցելեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Վեհափառ Հայրապետը մաղթեց, որ նոր սերունդի ներկայացուցիչները հասակ առնեն եւ մասնակցին բարօր երկրի կերտման:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, շաբաթավերջին նախագահեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան արարողութեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յուսիկ Քահանայ Հերկելեան։
Ս. Նիկողայոս Սքանչելագործ Հայրապետը շաբաթավերջին յիշատակուեցաւ Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեանց հանդիսապետեց Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան: Ներկայ էին նաեւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան եւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մէկտեղուեցաւ վերապատրաստման դասընթացքները աւարտած եկեղեցականներու հետ։ Մայրավանքի «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնէն ներս այս շրջանին քահանայ հայրեր խումբ առ խումբ վերապատրաստման երկշաբաթեայ դասընթացքներու կը մասնակցին։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Իրաքի նախագահ Ապտիւլլաթիֆ Ճեմալ Ռաշիտը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Հայաստան։
Ողջունելով Իրաքի նախագահին գլխաւորած պատուիրակութիւնը՝ Վեհափառ Հայրապետը վստահութիւն յայտնեց, թէ այս այցելութիւնը կը նպաստէ երկու ժողովուրդներու փոխյարաբերութիւններու առաւել սերտացման եւ միջպետական կապերու ընդլայնման։ Խօսելով Իրաքի հայ համայնքի մասին՝ Նորին Սրբութիւնը նշեց, թէ ան կը բերէ իր կարեւոր նպաստը երկկողմանի յարաբերութիւններու խորացման ուղղութեամբ։
Երէկ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ Ս. Կոյս Աստուածամօր տաճար ընծայման տօնը։ Արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Թուրքիոյ կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանը, որուն կ՚ընկերանային Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Տ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրատեան եւ Յակոբ Սրկ. Մինասեան։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։
Սաղիմահայութիւնը կը ջանայ իր սահմանափակ ներուժով տէր կանգնիլ Սուրբ Քաղաքի իրաւունքներուն:
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան զօրակցելու հետամուտ շրջանակները նպատակայարմար կը գտնեն այս փուլին՝ «Կովերու պարտէզ»ի վարաձակալութեան չեղարկեալ պայմանագրի բնագրին հրապարակումը:
ԵՀԽ-ի գործադիր կոմիտէն Ապիճանի նստաշրջանի ընթացքին անդրադարձաւ Արցախի հայութեան հարցերուն:
Կառոյցը ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց՝ Հայաստանի տարածքներուն դէմ առկայ վտանգներու համար:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ կատարուեցան կարգ մը նշանակումներ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը հաղորդեց, որ Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան նշանակուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան հարցերով գրասենեակի տնօրէն, իսկ Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան այսուհետեւ կը դառնայ նոյն գրասենեակի վարիչը։