Ընկերա-մշակութային

ԻՆՔՆԱՏԻՊ ՏՊԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԿԱԶՄԱԿԻՑՆԵՐ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի Ազգային գրադարանը յաճախ կը համալրուի հնատիպ ու հազուագիւտ հայերէն գիրքերով, որոնք ցրուած են աշխարհի չորս կողմը եւ զանոնք գտնելու համար Հայաստանի ազգային գրադարանը ջանք չի խնայեր: Գրադարանի հաւաքածոները համալրող այդ հնատիպ գիրքերը յաճախ իրենց օրինակները չեն ունենար հայ գիրքի ամենամեծ պահոցին՝ Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ, անոնք արժէքաւոր կը մնան ոչ միայն իրենց հնատպութեամբ, այլ գրադարանին մէջ միակը ըլալլու հանգամանքով:

ՄԵՐ «ՃԱՔԵՐԸ» ՄԵՐ ՄԵՏԱՅԼՆԵՐՆ ԵՆ

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Կեանքը լի է յուսալքութիւններով եւ անոնց յառաջ բերած «ճաք»երով։ Անկասկած, բոլորս իմացած ենք մեր սրտէն հնչած այդ «կոտրուածքի ձայնը», երբ մեր սպասումները եւ իրականութիւնը չեն համընկնիր, մեր փափաքները չեն իրականանար, խոստումները չեն կատարուիր… 

ԹԵՒԱՆ ՊՕՂՈՍԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՊԱՀԵԼԸ, ՇԷՆԱՑՆԵԼՆ ՈՒ ՀԶՕՐԱՑՆԵԼԸ ՈՒՂՂԱԿԻ ԱՅՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆՆ Է, ՈՐ ՄԵԶԻ ԲԱԺԻՆ ԻՆԿԱԾ Է ՅԱՆՈՒՆ ՄԵՐ ԱՊԱԳԱՅ ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈՒՆ»

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վերջին շրջանին Հայաստանեան իրականութիւնը բաւականին տժգոյն ու դժբախտ է, նկատի ունենալով իշխանութեան աթոռին համար կռիւի ելած կողմերուն յայտարարութիւններն ու խօսակցութիւնները: Բոլորը բոլորին կը վիրաւորեն, կը մեղադրեն, կը հայհոյեն, անէծքի աստիճան արտայայտութիւններ կ՚ունենան, բարոյականութեան սահմանները շատ շատոնց արդէն անցած են բոլորը:

ԴԱԴԱՐ

ԵՐԱՄ

Ջուրը, մեղկ դեղինով մը վարակուած լեմոնի շերտերէն, կը թափի բաժակին մէջ ձիւնսահանքի նման։ Կը համբուրէ ապակեայ պատերը ողորկ, թացացնելով զանոնք կ՚իջնէ վար, յետոյ բարձրանալու համար վեր նորէն ուժգին, մինչեւ բերանը գաւաթին։

ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ՎԱՅՐԻ ՄԸ ՄԷՋ…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւանի Օփերային շրջակայքը զբօսնողներէն, քալողներէն կամ տարածքի պուրակներուն ու սրճարաններուն մէջ պարզապէս նստողներէն քիչեր գիտեն, որ Օփերայի մօտակայ պուրակին մէջ կը հանգչի հայոց մեծերէն մին՝ Ալեքսանդր Սպենդիարեան:

ՍՈՒՐՃ-ՍԷՐ-ԹԱՆԳԱՐԱՆ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

​Դժուար է հաւատալ, որ հայաստանեան այս տխուր իրականութեան մէջ կարելի է ժպիտ յառաջացնող անկիւն մը գտնել եւ թօթափիլ յետպատերազմեան մղձաւանջէն եւ անոր վրայ ծանրացած նախընտրական գորշ ու յաճախ թունաւոր տրամադրութիւններէն: Ահաւասիկ, այդպիսի անկիւն մը պարգեւեցին մեզի խումբ մը խանդավառներ՝ Երեւանի մէջ հիմնելով «Սուրճ-Սէր-Թանգարան» նախագիծը:

«ԹԻԹԱՆԻՔ»Ի ԽՈՐՏԱԿՈՒՄԸ՝ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԱԾ

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Չափազանցութիւն չ՚ըլլար ըսել, թէ «Թիթանիք» դարձաւ պատմութեան մէջ հռչակաւոր նաւը։ «Թիթանիք»ի կործանումը տասնեակ տարիներ ետք, տակաւին կը մնայ ամենայայտնի աղէտներէն մին։

ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ՝ ՅԵՏՊԱՏԵՐԱԶՄԵԱՆ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

- Ամբողջ մեր պատմութեան ընթացքին չեմ կարծեր, որ ազգովի այսքան նուաստացած ու խայտառակուած ենք՝ ինչքան այս օրերուն, եւ այդ բոլորը առաջին հերթին ուսապարկերուն եւ անոնց ուսապարկապետին շնորհիւ։

«ԵՏԻՍ ԲԱՅՑ ՀԵՏՍ»

ԵՐԱՄ

Վերջին անգամ դպրոցական շարադրութեան մը համար միտքը տուած էր մատներուն, մատիտը՝ թուղթին։ Սիրելով, հաճոյքով գրած էր մանկութեան տարիներուն, ամէն մէկ բառի հետ խանդավառուելով, գրեթէ գրագէտ, Պետրոս Դուրեան, Մատթէոս Զարիֆեան կամ Մեծարենց զգալով ինքզինք։

Էջեր