Ընկերա-մշակութային

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐ ՍԱՐՍԱՓԸ՝ ՊՈՉԱՄԲԱՐՆԵՐ

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հանքարդիւնաբերութիւնը Հայաստանի մէջ, վերջին տարիներուն, խախտած է մարդուն եւ բնութեան կապը. նոր սարսափ ի յայտ եկած է մեր երկրին մէջ, որ հանքերուն շահագործման հետեւանքով բնութեան մէջ թափուող վնասակար եւ մահաբեր նիւթերուն պատճառած անդառնալի հետեւանքներն են: Ատոնք ծանր մետաղներ են, որոնք բնութեան մէջ մնալով, դանդաղ մահուան կը դատապարտեն մարդն ու բնութիւնը, եւ այս հարցը այլեւս անվիճելի է…

ՍԱՐԳԻՍ ՔԵՆՏԻՐԼԻ. ՉՈՐՍ ՍԵՐՈՒՆԴ

Տեսակցեցաւ՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Կ՚ըսեն, թէ հայ տղամարդը պարտաւոր է իր կեանքի հոլովոյթին ընելու չորս բան՝ տուն շինել, ծառ տնկել, ամուսնանալ եւ զաւակներ ունենալ։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ կից գործող աղքատախնամ մարմնի ատենապետ՝ Սարգիս Քենտիրլին կարծես գերակատարեց իր առջեւ դրուած վերոնշեալ պարտականութիւնները։

«ՄԱՍԻՍ»Ի ԷՋԵՐԷՆ

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Արեւմտահայ մամուլի պատմութեան աւարտին կարգ մը պարբերականներու հետ իր պատմութիւնը Պոլսոյ մէջ աւարտած է նաեւ «Մասիս» թերթը (1908-ին), որ 1852-ին հիմնուած էր իբրեւ ազգային, քաղաքական, տնտեսական եւ բանասիրական լրագիր եւ 1900-ականներուն սկիզբը հանդէս եկած էր որպէս գրական հրատարակութիւն:

ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ՝ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ թատերական նշանակալից երեկոյթ մը։ Կազդուրման կայանէ ներս ամրան ընթացքին թատերական աշխատանքներով զբաղած տասն պատանիներ հանդէս եկան այս երեկոյթին ժամանակ։

ԶԱՀՐԱՏԻ ԿԻԿՈՆ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԻՏՈՒՀԻ ՆԱԻՐԱՆ

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայրենի արուեստագիտուհի Նաիրա Մուրատեանի եւ պոլսահայ սիրելի բանաստեղծ Զահրատի Կիկօ բանաստեղծական հերոսին մասին շարժանկար մը նկարահանած է Լոնտոն բնակող բեմադրիչ Յասմիկ Գասպարեան: «Նարարա եւ Կիկօ» խորագրեալ այս շարժանկարը ցուցադրուեցաւ այս տարուան «Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժանկարի փառատօնին, արժանացաւ լաւ ընդունելութեան եւ անգամ մը եւս յիշեցուց նկարչուհի Նաիրա (Նարարա) Մուրատեանի Կիկոյին հանդէպ անսահման սիրոյ մասին

Էջեր