ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ «ՎԵՐԹԵՐՆԵՐ»ՈՒ ՏԱՌԱՊԱՆՔՆԵՐԸ
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Անհնար եւ անպատասխան սէրէ տառապած երիտասարդ Վերթեր խորհած է, թէ իր ցաւերէն փրկուելու միակ ելքը ինքնասպանութիւն գործելն է։ Տխուր, մելամաղձոտ տողերովը Կէօթէ իր ընթերցողները «ներքաշած» է այդ տանջանքներու մէջ։