«ԼԵԶՈՒՆ ԵՒ ԱՐԻՒՆԸ» ԿՈՍՏԱՆ ԶԱՐԵԱՆԷՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔ
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընթերցողին սեղանին Կոստան Զարեանէն նոր գիրք մը կայ՝ «Լեզուն եւ արիւնը. Յօդուածներ ու էսսէներ» խորագրով, որ հրատարակուած է գրականագէտ Երուանդ Տէր-Խաչատրեանի աշխատասիրութեամբ:
Զարեանի բազմաժանր գրականութեան մէջ իրենց պատուաւոր տեղը ունին իր գրած յօդուածներն ու էսսէները: