ԱՂ ՈՒ ՀԱՑ. ԱՂԸ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ՀԱՒԱՏԱԼԻՔՆԵՐՈՒ ՄԷՋ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այսօր բժշկութիւնը, սննդագիտութիւնը աղը կը դասեն վնասակար մթերքներու կարգը եւ խորհուրդներ կու տան՝ զայն ամենահնարաւոր կերպով զանցառելու: Մինչդեռ, մարդկութիւնը հինէն ի վեր միշտ ալ աղ գործածած է եւ նոյնիսկ առանց աղի չէ պատկերացուցած իր կեանքը, կենցաղը: