ՄԱՀԱՑՈՂ ԼԵԶՈՒՆ Կ՚ԱՐԺԷ՞ ՎԵՐԱՊՐԵՑՆԵԼ
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Համաշխարհայնացման համայնակուլ այս ժամանակաշրջանի հրատապ խնդիրներէն է բազմաթիւ ժողովուրդներու լեզուներու նահանջը: Մասնագէտներ, լեզուաբաններ եւ լրագրողներ տարատեսակ մեկնաբանութիւններ կ՚ընեն, ուսումնասիրութիւններ կը պատրաստեն, սակայն լեզուները կը շարունակեն մահանալ, երբ խօսող չի մնար:
Ուսումնասիրեց՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Հայաստանի «Կարին» պարախումբը նախընթաց երեկոյեան խանդավառ ելոյթով մը հանդէս եկաւ Պաքըրգիւղի մէջ։ Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս ելոյթը, որ անմոռանալի դարձաւ մասնակիցներու յիշողութեան մէջ։ «Կարին» պարախումբի այս ելոյթը կազմակերպուեցաւ «Մեր պարերը եւ մենք»ի պարուսոյցներուն՝ Յակոբ եւ Նարօտ Կիւլէչ ամոլին կողմէ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երուանդ Քոչարի ստեղծագործած Ժորժ Զաքարեանի դիմաքանդակը Երեւանի մէջ:
Յովհաննէս Այվազովսքիի ծննդեան 200-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսը, որ տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 14-Փետրուար 15 թուականներուն միջեւ, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ, այցելուներու թիւի մրցանիշ սահմանած է։ 56 հազար արուեստասէր գացած է տեսնելու Այվազովսքիի հրաշալի կտաւները։
Պատրաստեց՝ ԱՆՆԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
Photopodium.com կայքը, որ մէկ հարթակի վրայ համախմբած է աշխարհի տարբեր ծայրերուն մէջ ստեղծագործող հետաքրքրական լուսանկարիչները, կը տօնէ իր հիմնադրման 10-րդ տարին: Երեւանի մէջ կազմակերպուած կայքի յոբելենական ցուցահանդէսին ներկայացուեցաւ ութսուն աշխատանք աշխարհի եօթ երկիրներէ:
Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը Յովհաննէս Այվազովսքիի 200-ամեակին նուիրուած «Արարում» խորագրով ցուցահանդէսէն յետոյ արուեստասէրներուն նոր տօն կը պարգեւէ: Կը նախատեսուի 20-րդ դարու երկրորդ կէսի հայ կերպարուեստի ամենակարկառուն ներկայացուցիչներէն մէկուն՝ գեղանկարիչ Մինաս Աւետիսեանի 90-ամեակին նուիրուած յետահայեաց ցուցահանդէս իրականացնել: