Հայկանոյշ Մառք. Հայ Կնոջ Հասարակական Զարթօնքին Արժանաւոր Պատգամաբերը
14 Փետրուարի ծնունդ է հայ մտքի եւ գը-րականութեան երախտաւորներէն, յատկապէս հայ կնոջ հասարակական զարթօնքին արժանաւոր դէմքերէն Հայկանոյշ Մառք։
Պոլսահայ հոգեմտաւոր մեծ ժառանգութեան մէջ իր կարեւոր ներդրումը ունի բանաստեղծ ու արձակագիր, բայց մանաւանդ յանդուգն հրապարակագիր Հայկանոյշ Մառք, որ իբրեւ այդպիսին արժանի տեղ կը գրաւէ Սրբուհի Տիւսաբի, Զապէլ Ասատուրի, Զապէլ Եսայեանի օրինակով մեծանուն հայ կին հեղինակներու փաղանգին մէջ։