Ընկերա-մշակութային

ԴՐԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐ

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ֆրան­սա­յի քա­ղա­քա­կան դաշ­տին մէջ հա­յե­րուն հա­մար դրա­կան պատ­կեր մը ստեղ­ծուած է:
Անց­նող օ­րե­րուն հա­յու­թիւ­նը հե­տաքըրք­-րող լուր մը եւս ե­կաւ Ֆրան­սա­յէն. Լիո­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի խոր­հուր­դի ար­տա­կարգ նիս­տին ըն­թաց­քին քա­ղա­քա­պետ ընտ­րուած է ֆրան­սա­հայ Ժորժ (Գէորգ) Քե­փե­նե­քեան: 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՐԾԱԹԵԱՅ ԳՕՏԻՆԵՐՆ ՈՒ ՍՊԱՍՆԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԵՑԱՆ ՀԱՆՐՈՒԹԵԱՆ

Արծաթեայ հայկական գեղեցիկ գօտիները, բաժակները եւ սպասքի այլ պարագաները, որոնք կը պատկանին Հայաստանի Տնտեսութեան նախարարութեան «Թանկարժէք մետաղներու եւ թանկարժէք քարերու պետական գանձարան»ին, վերջերս ցուցադրուեցան Յովհաննէս Շարամբէեանի անուան ժողովրդական արուեստի կեդրոնէն ներս: Ներկայացուեցան գործակալութեան ազգային պահեստանոցի պատմամշակութային արժէքներու 51 նմոյշ:

ԱԹՈՌԱՄՈԼՈՒԹԻ՞ՒՆ, ԹԷ՞ ԸՆՉԱՔԱՂՑՈՒԹԻՒՆ

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ 

Երկուորեակ անուանումը առհասարակ կը տրուի այն երեխաներուն, որոնք մէկ մօր արգանդէն դուրս եկած են եւ իրարու կապուած են՝ թէ՛ արեամբ եւ թէ նմանութեամբ…։ Մարդուն նկարագրային գիծերուն մէջ ալ երկուորեակ մարդախանձ մոլուցքներ կան, որոնք մարդս իր արժանիքներէն եւ կոչումէն ամբողջապէս կը հեռացնեն ու ցոփապաշտութեամբ կը մոլեգնեն։

ՎԱՐ­ԴԱ­ՎԱՌ

Վարդավառը քրիստոնէական հինգ տաղաւարներէն մէկն է եւ կը կոչուի «Այլակերպութեան» կամ «Պայծառակերպութեան» տօն։ Վարդավառը շարժական տօն է. անիկա կը նշուի Զատիկէն 98 օր ետք եւ կրնայ իյնալ Յունիս 28-էն Օգոստոս 1-ի միջեւ։

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՎԱՒԵՐԱԳՐԵՐ

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին՝ կառոյցի ծրագրերուն առընչութեամբ:
«Հայ Եկեղեցւոյ կալուածները Օսմանեան կայսրութեան մէջ» գիրքը կ՚ընդգրկէ՝ բացի բուն եկեղեցական շինութիւններէն, հողամասեր, հիւրատուներ, խանութներ, դպրոցներ…

Մա­լա­լա Եու­սուֆ­զայ Ա­ւար­տեց Դպրո­ցը

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Կիներու իրաւունքներու համար պայքարող փաքիստանուհի Մալալա Եուսուֆզայ, որ ամբողջ աշխարհի մէջ մեծ ճանաչում նուաճած է հայրենիքին մէջ յանուն կիներու կրթութեան իրաւունքի եւ այլ անարդարութիւններու դէմ պայքարելով, տեղեկացուց, որ աւարտած է դպրոցը:

ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՅԱՋՈՂԱԿ ԶԷՆՔԴ

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Անպատասխանատուութիւնը անտարբեր մարդուն գործելաոճն է, բայց պատասխանատուութիւնը՝ յանձնառու մարդուն կեանքի ընթացքն ու դափնեպսակն է։ Պատասխանատու մարդը իր կեանքի գնացքին մէջ ամենադոյզն պաշտօններուն մէջն անգամ բծախնդրութեամբ, ջանադրութեամբ եւ անձնուիրութեամբ իր գործը յաջողութեամբ պսակին կը հասցնէ, որովհետեւ պատասխանատուութեան վառ գիտակցութիւնը իր մտասեւեռակէտին վրայ միանգամընդմիշտ թաջուած է։

14-ՐԴ «ՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆ» ՓԱՌԱՏՕՆԸ ԵՒ ՆՈՐ ՕՐԱԿԱՐԳ ՄԸ

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւանի Աբովեան փողոցին վրայ գտնուող Շարլ Ազնաւուրի հրապարակին մէջ երեք աստղ եւս յայտնուեցաւ: Հայ շարժանկարային արուեստի խորհրդային շրջանի երեք նուիրեալներու անունները դաջուեցան հրապարակին կեդրոնը՝ հայազգի այլ մեծերու անունը կրող աստղերուն քով:

Էջեր