ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՔԷՐՄԷՍ
«Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառ:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կանգ առաւ աւանդական դարձած այս նախաձեռնութիւններուն կարեւորութեան վրայ:
«Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառ:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կանգ առաւ աւանդական դարձած այս նախաձեռնութիւններուն կարեւորութեան վրայ:
ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Կանգ առի թերթավաճառի կրպակին առջեւ: Բազմաթիւ հրատարակութիւններ՝ հաստ վերտառութիւններով կամ բացառիկ համարներով, կ՚անդրադառնային համաշխարհային տագնապալի կացութեան, համեմուած թուղթ ծախելու նպաստող ցնցող լուրերով, եւ անթաքոյց կը խօսէին կրօնական պատերազմի մասին:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
22 Դեկտեմբեր 1972-ին, 66 տարեկանին մեր երկրէն ու կեանքէն հեռացաւ հայկական արձակին մեծ վարպետներէն Մկրտիչ Արմէն (1906-1972), որ իր «Հեղնար աղբիւր» վիպակով արժանաւորապէս նուաճեց անմահութիւնը եւ իր տեղը գտաւ հայ գրականութեան Մեծերու համաստեղութեան մէջ։
«Ներդաշնակութեան մեղեդի»ները Երեւանէն վերջ երէկ երեկոյեան ալ հնչեցին Իսթանպուլի մէջ՝ խորապէս տպաւորելով ունկնդիրները:
Թուրքիայէն եւ Հայաստանէն երաժիշտներ Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնի բեմին վրայ արձանագրեցին փայլուն յաջողութիւն մը:
ԱՆԻ ՓԱՆՈՍԵԱՆ-ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ
Բացի…մեր ապրած շրջանէն։
Ամուսինիս գործին բերումով, վեց ու կէս տարի առաջ բնակութիւն հաստատեցինք Նիւ Ճըրզիի արուարձաններէն մէկուն մէջ, որուն անունը նոյնիսկ անծանօթ է գաղութին մէջ ապրող հայերու մեծամասնութեան։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
2016 թուականին պաստառներուն կը յայտնուի հայկական գեղարուեստական շարժանկար մը՝ «Վերջին բնակիչը» խորագրով: Շարժանկարի բոլոր նկարահանումները արդէն աւարտած են եւ այժմ կ՚ընթանայ յետարտադրական գործընթացը:
ՀԲԸՄ-ի յատուկ ձեռնարկներու յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած 8-րդ համերգը փայլուն անցաւ:
Նիւ Եորքի «Քարնեկի հոլ»ին մէջ տեղի ունեցած երեկոյթին հասոյթը պիտի տրամադրուի կատարողական արուեստներուն:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Վերջերս համացանցի լրատուամիջոցները ողողուած են Գանատա ժամանող սուրիացի գաղթականներու լուրերով, լուսանկարներով և տեսանիւթերով: Պատերազմական արհաւիրքներու, անմարդկային ոճիրներու ոչ միայն ականատեսներն են անոնք, այլ իւրաքանչիւր Գանատա կամ այլուր հասնող սուրիացի ընտանիք կամ անհատ, բացի նիւթական կորուստներէն հոգեկան անջնջելի խոր դրոշմներ կը կրէ, որոնք յառաջացած են անմոռանալի հոգեկան կորուստներէ, նոյնինքն ընտանիքի անդամներու կամ ալ ընտանիքին մօտ պարագաներէն ոմանց:
Շաբաթավերջին Բանկալթիի մէջ, Galeri Birzamanlar-ի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխման եզակի հաւաքոյթ մը։ Արդարեւ, Օսման Քէօքէրի կողմէ ղեկավարուած Galeri Birzamanlar-ը վերջերս կազմակերպած էր միջհամալսարանական ուսանողական լուսանկարչական հետաքրքրական մրցոյթ մը։
Երեւանի մէջ, Ծիծեռնակաբերդի թանգարանի երդիքին տակ երէկ տեղի ունեցաւ ուշագրաւ ցուցահանդէսի մը բացումը։ «Մաքառելով կեանքի եւ արժանապատուութեան համար. ինքնապաշտպանական մարտերը Մեծ եղեռնի տարիներուն» խորագրեալ այս ցուցահանդէսի բացման զուգահեռ ներկայացուեցաւ նաեւ համանուն գիրքը, որ եւս նոր հրատարակուած է նոյն նիւթերով։