Ընկերա-մշակութային
ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Տասը տարի առաջ Օգոստոսին մեզմէ հեռացաւ բանաստեղծուհի եւ հրապարակախօս Սիլվա Կապուտիկեան: Կապուտիկեանը գրած է հայրենիքին, հայոց լեզուին, հայ ժողովուրդի ճակատագիրին եւ սիրոյ մասին. ան ամբողջ կեանքը նուիրած է ստեղծագործական աշխատանքին եւ հայրենիքին:
ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ԴՈՒՐՍ ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉ ԸԼԼԱԼ՝ ԿԸ ՆՄԱՆԻ ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ԶԻՆՈՒՈՐ ԸԼԼԱԼՈՒ»
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Արեւմտահայերէնով ստեղծագործող, մտածող եւ արմտահայերէնը իր առօրեային հիմնականը դարձրած Սփիւռքի սակաւ մտաւորականներէն է Մարուշ (Մարուշ Երամեան): Հալէպ ծնած, հոն ուսուցչութիւն ըրած եւ գիրքեր տպագրած գրողին նոյնպէս պատերազմը հանեց իր ծննդավայրէն եւ Մարուշ կարճ ժամանակ մը Երեւանի մէջ մնալէն ետք այսօր կը պաշտօնավարէ Գահիրէի Կիւլպէնկեան-Նուպարեան վարժարանին մէջ, իբրեւ աւագ ուսուցչուհի:
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՃԱՆԱՊԱՐՀԷՆ
Լուսանկարիչ Դաւիթ Յակոբեանի առաջին անհատական ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ:
Ներկայացուած քառասուն դրուագները ցոլացուցին հեղինակի վարպետութիւններն ու ստեղծագործական տաղանդը:
Տարբեր տարեդարձ մը՝ Սարոյեան 108
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վաղը՝ Օգոստոսի 31-ին, հայ մեծանուն գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի ծննդեան օրն է: Հայ սարոյեանասէրները ամէն տարի, յատուկ ակնածանքով, այդ օրը կը յիշեն մեծ գրողին անունը: Բայց այս տարուան Սարոյեանի ծննդեան տարեդարձը այլ երանգ մը ունի:
ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ
Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան. «Հայ ուսուցիչին առաքելութիւնը մեր ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս ունի առաջնահերթ նշանակութիւն»:
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս 2016-2017 շրջանի վերամուտին ընդառաջ բազմակողանի աշխատանքային հաւաքներ՝ կրթական մշակներու մասնակցութեամբ:
«100 Գաղափար Հայաստանի Համար» Մրցումը
Հայաստանի Մարմնամարզի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը յայտարարեց «100 գաղափար Հայաստանի համար» հանրապետական երիտասարդական մրցումի դիմումներու ընդունման հոլովոյթը: «100 գաղափար Հայաստանի համար» հանրապետական երիտասարդական մրցումին կրնան մասնակցիլ 16-30 տարեկան երիտասարդներ կամ հեղինակային խումբեր:
ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉ ՄԱՐԻԱՄ ՂԱՐԻԲԵԱՆԻ ՁԵՌԱԳՈՐԾ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Երեւանի Պատմութեան թանգարանին մէջ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ, բացումը կատարուած է Չեխիայէն հայրենադարձած գեղանկարիչ, ասեղնագործութեան վարպետ եւ ձեւաւորող Մարիամ Ղարիբեանի ձեռագործ աշխատանքներու ցուցահանդէսին:
ԼՈՆՏՈ՞Ն, ԹԷ ԱՐՑԱԽ…
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայ բարերար, Հայաստանի ու Արցախի մէջ կարգ մը զարգացման ծրագիրներու ներդրող՝ Ռուբէն Վարդանեանի գործունէութեան մամուլը յաճախ անդրադարձած է: Ինչպէս նաեւ լուսարձակի տակ առնուած է անոր տիկնոջ՝ Դիլիջանի Միջազգային դպրոցի համահիմնադիր Վերոնիքա Զոնապենտի գործունէութիւնը: Վերջերս մամուլի ուշադրութեան արժանացած է նաեւ Ռուբէն Վարդանեանի որդին՝ Դաւիթ Վարդանեանը:
ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՐՏԱԴՐԱՆՔՆԵՐՈՒ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
Ազգային երգի ու պարի ուղեկցութեամբ՝ Ռուսաստանի մայրաքաղաքը՝ Մոսկուայի մէջ, մեթրոյի կայաններէն մէկուն կից հրապարակներէն մէկուն վրայ, հանդիսաւորութեամբ բացուեցաւ հայկական արտադարանքներու «Արմէքսպօ» մասնագիտացուած տօնավաճառը:
