Բառեր… Նոր Բառեր… Նոր Եզրեր… Նո՞ր…
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Բառերը, երբեմն նոյնիսկ գիր մը կամ շեշտ մը, բաւական ներուժ ունին, զօրեղ են, եթէ մանաւանդ ճիշդ տեղին եւ պատշաճ կերպով օգտագործուին: Արուեստագէտ գրողները, բանաստեղծները, նաեւ բառաստեղծ են, մանաւանդ երբ տուեալ լեզուին մէջ չեն գտներ իրենց ներքին ապրումը կամ միտքը լաւագոյնս արտայայտող բառը, կը ստեղծեն նորը, եւ եթէ այդ բառը մարդիկ ընդունին ու օգտագործեն, կը ներառուի բառարաններուն մէջ՝ հարստացնելով լեզուի բառապաշարը: