2016-Ի ՏԱՐԵՄՏԵԱՆ ԽՈՀԵՐ - Ա -
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւանեան մեղմ Դեկտեմբերը յուշիկ քայլերով կը հեռանայ... Անձիւն Երեւանը տօնական տրամադրութեան մէջ է: Քաղաքային իշխանութիւնները ջանք ըրած են իրական ձիւնի պակասը լրացնել ճերմակ ու նրբագեղ տօնական ձեւաւորումով: