ՂԵՒՈՆԴ ԱՐՔԵՊՍԿ. ԴՈՒՐԵԱՆԻ «ՊԱՐԶ ՔԱՐՈԶՆԵՐ»Ը՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւանի մէջ հրատարակուած է Ղեւոնդ Արք. Դուրեանի «Պարզ քարոզներ»ու Ե. հատորը՝ արեւելահայերէնով:
Այս տարեսկիզբին անդրադարձած էինք, որ Երեւանի մէջ վերահրատարակուած է «Դպրեվանքեան քարոզներ»ը, որ կը պարունակէ Արմաշի եւ Երուսաղէմի դպրեվանքերուն մէջ հայ հոգեւորական գործիչ, բանաստեղծ, բանասէր, Պոլսոյ (1909-1910թթ.) եւ Երուսաղէմի (1921-1930թթ.) Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Եղիշէ Արք. Դուրեանին աշակերտած հոգեւորականներու հատընտիր քարոզները, որոնք 1929 թուականին համադրած է Մանչսթըրի հայոց հոգեւոր հովիւ Ղեւոնդ Եպիսկոպոս Դուրեան: