ԲԱՑԱՌԻԿ ՅՈՒՇԵՐ ՊՈԼԻՍԷՆ, ԺԱՄԱՆԱԿ-ԷՆ ԵՒ ՔԱՍԻՄԷՆ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Օրերս գրադարանին մէջ հանդիպեցայ արեւմտահայերէնով գրուած յուշագիրքի մը: Միշտ հետաքրքրութիւն ունենալով յուշագրութեան հանդէպ, թերթեցի գիրքը եւ կլանուած կարդալով տեսայ, որ հեղինակը՝ Յովհաննէս Պօղոսեան, եղած է ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի աշխատակից: